Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտօնական Պաքուն Կը ՊնդԷ` «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Հարցը Պէտք Է Մաս Կազմէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Օրակարգին

Պաշտօնական Պաքուն Կը ՊնդԷ` «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Հարցը Պէտք Է Մաս Կազմէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Օրակարգին

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆովը յայտնած է, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հարցը պէտք է մաս կազմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին:

«Երբ անոնք (ատրպէյճանցիները) վերադառնան այդ տարածքներ, պէտք է ապահովուի անոնց անվտանգութիւնը եւ անոնց համար ստեղծուին ընկերատնտեսական պայմաններ: Հայաստանը կամաւոր պէտք է իր վրայ վերցնէ ու լուծէ այդ հարցերը», Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսին մէջ այդ թեմայով լսումներու ժամանակ յայտնած է Խալաֆովը:

Ամիսներ առաջ Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք» քաղաքական նախաձեռնութիւն, որուն նպատակը, ինչպէս կը նշէ պաշտօնական Պաքուն, հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներու վերադարձն է Հայաստան, ուր անոնք ժամանակին կը բնակէին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment