Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը Կ’ողջունէ Գերմանիոյ Վարչապետին Յայտարարութիւնը Ինքնորոշման Իրաւունքի Մասին

Ստեփանակերտը Կ’ողջունէ Գերմանիոյ Վարչապետին Յայտարարութիւնը Ինքնորոշման Իրաւունքի Մասին

by MassisPost

Ստեփանակերտը կ’ողջունէ Գերմանիոյ վարչապետին նախօրէի յայտարարութիւնը, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օլաֆ Շոլցին ուղղուած գրառմամբ շեշտած է. «Կարգաւորումն անհնար է առանց մեր հիմնարար/հաւաքական իրաւունքները լիովին հաշուի առնելու»:

Գերմանիոյ ղեկավարը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու աւարտին ընդգծեց պատերազմէն յետոյ գրեթէ չհնչող ինքնորոշման իրաւունքը, որ շուրջ երեք տասնամեակ դրուած էր հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին` ուժի չկիրառման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հետ:

«Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայունութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրող մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ: Սթաթուս քօ-ն չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է յանգիլ երկարաժամկէտ լուծման` ի բարօրութիւն մարդոց: Այս առումով անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են», ըսած էր վարչապետը:

Պաքուն առայժմ չէ անդրադարձած Օլաֆ Շոլցի յայտարարութեան, Ատրպէյճանը պատերազմէն յետոյ բացառած է բանակցութիւնները Մինսքի Խումբի ձեւաչափով, որուն առաջարկած կարգաւորման առանցքային սկզբունքներէն` ժողովուրդներու ինքնորոշումը, տեղ չէ գտած խաղաղութեան պայմանագրի ատրպէյճանական 5 կէտնոց նախագիծին մէջ: Ատրպէյճանը արցախահայերը կը համարէ իր քաղաքացիները, իսկ բանակցիլ կը պատրաստուի անոնց համարկման շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment