Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Է Հասնիլ Խաղաղ Հանգուցալուծման Նաեւ ԼՂ Քաղաքացիներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Տեսանկիւնէն. Շոլց

Պէտք Է Հասնիլ Խաղաղ Հանգուցալուծման Նաեւ ԼՂ Քաղաքացիներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Տեսանկիւնէն. Շոլց

by MassisPost

Գերմանիան մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ ԼՂ-ի մէջ երթալով սրող մարդասիրական իրավիճակով: Գերմանիան կը կարեւորէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ԼՂ-ի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն:

Այս մասին յայտնեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ համատեղ ասուլիսին ընթացքին:

Շոլց յայտնեց, որ ՀՀ վարչապետին հետ հանդիպմանը երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ միտքեր փոխանակուած են: Ան նշեց այն հանգամանքը, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը համապարփակ բարեկարգումներու գործընթաց սկսած է Հայաստանի մէջ: Գերմանիան կը փափաքի այս ճանապարհին շարունակել օգնել Հայաստանին` իր հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ: Շոլց կարեւոր համարեց, որ նախորդ տարի Գերմանիան սկսած է Հայաստանի հետ զարգացման ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:

Շոլց կարեւորեց նաեւ այն, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը քայլ առ քայլ երթան երկարաժամկէտ լուծման: ՀՀ վարչապետը Շոլցին ներկայացուցած է ԼՂ-ի մէջ վերջին զարգացումները: «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ ԼՂ-ի մէջ երթալով սրող մարդասիրական իրավիճակով: Սթաթուս քօ-ն չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ` ի բարօրութիւն մարդոց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ԼՂ-ի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են», ըսաւ վարչապետը:

Գերմանիան կ’աջակցի Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդական ջանքերուն: Շոլց ընդգծեց, որ Գերմանիան այդ ըրած է` նաեւ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան կազմին մէջ գերմանական անձնակազմ ուղարկելով: Ընդ որում, այդ առաքելութիւնը պիտի ղեկավարէ գերմանացի դաշնային ոստիկան:

Շոլց հակամարտութեան լուծման համար քաջալերող քայլ համարեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի` Փրակի ու Միւնիխեի մէջ միտքերու փոխանակումը:

Անդրադառնալով հարցին ու դիտարկման, որ Ատրպէյճաը չի կատարեր նոյնիսկ Լահէյի դատարանին որոշումը` ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը` Շոլց վերահաստատեց. «Մենք ինքնորոշման իրաւունքի, նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կողմնակիցն ենք»: Ան կարեւորեց տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան բարելաւումը:

Շոլց եւ Փաշինեան խօսած են նաեւ երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին: Գերմանիոյ վարչապետը վարչապետ Փաշինեանին քաջալերած է շարունակել փտածութեան դէմ իր պայքարը:

Շոլց նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ վարչապետին Գերմանիա այցին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment