Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-ի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Եւ Ռուս Խաղաղապահներու Միջեւ Նոր Հանդիպում Կայացած Է

ԼՂ-ի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Եւ Ռուս Խաղաղապահներու Միջեւ Նոր Հանդիպում Կայացած Է

by MassisPost

Լաչինի միջանցքով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ անցումը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը քննարկուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի եռակողմ հանդիպման: Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութենէն:

Կողմերը քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ ելեկտրամատակարարման եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը:

Բացի այդ, հանդիպման ծիրին մէջ քննարկուած է 2 հանքավայրերու մէջ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներուն կողմէ կենսոլորտի վերահսկողութեան հնարաւորութիւնը (խօսքը Տրմպոնի եւ Քաշենի մասին է – Խմբ.):

Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ համագործակցութեան, լարուածութեան նուազեցման, տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղիներու որոնման շուրջ:

Նախապէս, Փետրուար 24–ին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպում կայացած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment