Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Միջնորդութեամբ Միւնիխի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Ղեկավարները

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Միջնորդութեամբ Միւնիխի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Ղեկավարները

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Միջնորդութեամբ Միւնիխի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Ղեկավարները:

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելի քան 30 տարի տեւող հակամարտութենէ յետոյ ամուր խաղաղութիւն ապահովելու պատմական հնարաւորութիւն ունին». այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը` Միւնիխի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

Հանդիպման մեկնարկին Էնթընի Պլինքընի բացման խօսքը հրապարակուած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան կայքին մէջ:

«Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Ալիեւին եւ վարչապետ Փաշինեանին այստեղ ըլլալու համար: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելի քան 30 տարի տեւող հակամարտութենէն յետոյ ամուր խաղաղութիւն ապահովելու իրապէս պատմական հնարաւորութիւն ունին: Կողմերը իրենք կեդրոնացած են խաղաղ գործընթացի վրայ երկկողմ երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի ու մեր հետ: ԱՄՆ պատրաստ է ընելու ամէն հնարաւորը այդ ջանքերուն աջակցելու համար` ըլլայ այդ ուղղակիօրէն մեր բարեկամներուն, թէ եռակողմ ձեւաչափով, ինչպիսին այս հանդիպումն է կամ միջազգային այլ գործընկերներու հետ: Բայց ես շատ շնորհակալ եմ թէ՛ նախագահին, թէ՛ վարչապետին ներկայութեան համար եւ կ’ակնկալեմ լաւ խօսակցութիւն», ըսած է Պլինքըն:

Հայաստանի կառավարութեան փոխանցմամբ` եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի աշխատանքներուն ընթացքը:

Տարածաշրջանային ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումն ու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման հարցերը եղած են օրակարգին վրայ: Անոնք քննարկուած են Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ:

Ըստ հայկական կողմին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի նպատակամղուածութիւնը` հասնելու այնպիսի պայմանագրի ստորագրման, որ իսկապէս կ’երաշխաւորէ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Փաշինեան ընդգծած է նաեւ Ատրպէյճանի` Լաչինի միջանցքը ապօրինի շրջափակելու եւ անոր հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթային ճգնաժամի փաստը:

«Մենք կը հաւատանք,որ 30 տարուան հակամարտութենէն յետոյ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ունին հնարաւորութիւն խաղաղութիւն ապահովելու», նշած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքընը:

«Կողմերը կեդրոնացած են խաղաղութեան գործընթացին վրայ, այդ շարքին` ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան եւ մեր հետ: Միացեալ Նահանգները հաստատակամ է օժանդակելու այս ջանքերուն, թէ՛ մեր ընկերներուն, թէ՛ այսպիսի եռակողմի ձեւաչափերով, թէ՛ այլ միջազգային գործընկերներու հետ», նաեւ ըսած է պետական քարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment