Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Խօսքէն Անցնի Գործի»․ Արայիկ Յարութիւնեան

«Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Խօսքէն Անցնի Գործի»․ Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան խօսքէն գործի անցնելու:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, տարածած յայտարարութեամբ, կը դիմէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը համանախագահող Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ին եւ Ֆրանսային, ինչպէս նաեւ` միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն` միասին կամ առանձին-առանձին արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի կեանքի ճանապարհի բացման եւ նորանոր յանցագործութիւններու կանխման ուղղութեամբ:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը նաեւ կը յորդորէ պատժամիջոցներ սահմանել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող յանցագործութիւններու բոլոր հեղինակներուն ու աջակիցներուն եւ Ատրպէյճանի պետութեան դէմ` ի թիւս այլ պատժամիջոցներու` արգիլելով անոնց մուտքը սեփական տարածքներ եւ սառեցնելով իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող շարժական եւ անշարժ գոյքը:

«Ատրպէյճանի կողմից Արցախի ժողովրդի ցեղային զտման փորձը մտնում է մարդկութեան դէմ (erga omnes) յանցագործութիւնների իրաւական հասկացութեան մէջ: Դրա կանխումը բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական պարտաւորութիւն է, որը պարտադիր է Միացեալ Ազգերի Կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը ստորագրած բոլոր կողմերի համար: Ուստի, միջազգային հանրութեան իւրաքանչիւր անդամի պարտաւորութիւնն է առաւելագոյնը կատարել նաեւ Արցախի ժողովրդի պաշտպանութեան եւ սեփական հայրենիքում արժանապատուօրէն ապրելու համար», ըսուած է Արցախի նախագահի յայտարարութեան մէջ:

Ողջունելով բազմաթիւ երկիրներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու յստակ կոչերը Ատրպէյճանին` անյապաղ ու անվերապահ կերպով վերացնելու շրջափակումը` Արայիկ Յարութիւնեան կ’ընդգծէ, որ «այդ պահանջներն ու դիրքորոշումները, սակայն, քիչ ազդեցութիւն կ’ունենապ Ատրպէյճանի մոլեռանդ ու ատելութեամբ լեցուն անզիջողականութեան պայմաններուն մէջ»:

«Ահա թէ ինչու միջազգային հանրութիւնը պէտք է խօսքից անցնի գործի, ինչպէս նա վարւում է այլ տարածաշրջաններում` ցեղասպանութեան վաղ ահազանգող նշանների առկայութեան դէպքում», մասնաւորապէս նշած է Արցախի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment