Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արարատ Միրզոյեանը Եւ Անճէյ Քասփրչիքը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Արարատ Միրզոյեանը Եւ Անճէյ Քասփրչիքը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ զարգացումներուն:

Քննարկուած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment