Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաղեստինի Արտաքին Գործերու Նախարարի Պաշտօնին Նշանակուած Է Հայուհի Մը

Պաղեստինի Արտաքին Գործերու Նախարարի Պաշտօնին Նշանակուած Է Հայուհի Մը

by MassisPost

Վարսեն Աղաբեկեանը նշանակուած է Պաղեստինի արտաքին գործերու եւ արտերկրի մէջ հայրենակիցներու հարցերով պետական նախարար։ Այս մասին յայտնած է պաղեստինեան «Wafa» լրատուական գործակալութիւնը։

Գործակալութիւնը հրապարակած է նոր կառավարութեան ցուցակը, որ հաստատած է Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։

Մոհամմատ Մուսթաֆան դարձած է արտաքին գործերու նախարար: Պաղեստինի մէջ պետական նախարարի պաշտօն զբաղեցնողը բարձրաստիճան պաշտօնեայ է, նախարարին ենթակայ, բայց այն նաեւ նախարարի կարգավիճակ ունի։

Նոր կառավարութիւնը աշխատանքը պիտի սկսի Մարտ 31-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment