Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեան «Չեմ Կարծեր, Թէ Ընդդիմութեան Որեւէ Գործողութիւն Կրնայ Ժողովուրդը Որեւէ Բանէ Շեղել»

Ալէն Սիմոնեան «Չեմ Կարծեր, Թէ Ընդդիմութեան Որեւէ Գործողութիւն Կրնայ Ժողովուրդը Որեւէ Բանէ Շեղել»

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան չի կարծեր, թէ ընդդիմութեան որեւէ գործողութիւն կրնայ ժողովուրդը շեղել հիմնական խնդիրներէն, օրակարգերէն:

Սիմոնեան նման համոզմունք յայտնեց ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին`  անդրադառնալով ընդդիմութեան յայտարարութիւններուն, թէ Սեյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու միջնորդութիւնը բերուած է հանրութեան ուշադրութիւնը շարք մը խնդիրներէ, այդ շարքին` զօրամասի կացարանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական հրդեհի դէպքէն շեղելու նպատակով:

Սիմոնեան նշեց, որ ցաւով կը մօտենայ ընդդիմութեան այն արձագանգին:

«Չեմ կարծում, թէ իրենց վերջին արարքներից յետոյ ընդդիմութեան որեւէ գործողութիւն կարող է ՀՀ ժողովրդին որեւիցէ բանից շեղել: Իրենք գերագնահատում են իրենց դերը հայաստանեան քաղաքական դաշտում: Եւ իրենց քաղաքական գործունէութիւնը յենուած է զուտ սահմանին տեղի ունեցող յարձակումների եւ թշնամու կողմից արուած քայլերի վրայ շահաբաժիններ եւ օրակարգեր ձեւաւորելու վրայ: Կարող եմ իրենց հանգստացնել. եթէ իրենց բոլորին էլ ձերբակալեն, հիմնական օրակարգերից, հիմնական խնդիրներից ՀՀ ժողովուրդը չի շեղուի, թող իրենց չգերագնահատեն», ըսաւ ԱԺ նախագահը:

Սիմոնեան կարեւորեց, որ մարդոց մօտ տպաւորութիւն չըլլայ, թէ խորհրդարանին մէջ դատավարութիւն տեղի կ’ունենայ: «Ընդամէնը ԱԺ-ն թոյլ կու տայ (դեռ չգիտեմ), որ քրէական գործը շարունակուի», ըսաւ ԱԺ նախագահը` յաւելելով, որ չի համարեր, թէ այդ քայլը ներքին պառակտում կ’առաջացնէ:

Սիմոնեան ընդգծեց, որ իշխանութիւնը աւելի շատ կը մեղադրեն «երկաթէ մանտաթը» չիրագործելու, թաւշեայ ըլլալու մէջ:

«Սէյրան Օհանեանն այսօր չգալով եւ վաղեմութեան հետ կապուած չստորագրելով` շատ ճիշդ քայլ է անում, ուզում է ցոյց տալ, որ նոյնիսկ դատավարութեան պարագայում կարող է ապացուցել, որ ինքն ազնիւ, արդար աշխատակից է եղել: Եւ, եթէ այդ տրամաբանութեամբ գնանք, մենք ոչ թէ պառակտում ենք, այլ օգնում ենք պարոն Օհանեանին», ըսաւ ԱԺ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment