Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Իրաւապահները Մեղադրանք Առաջադրած Են Երկու Դաշնակցականներուն Եւ Կուսակցութեան Համակիրին

Իրաւապահները Մեղադրանք Առաջադրած Են Երկու Դաշնակցականներուն Եւ Կուսակցութեան Համակիրին

by MassisPost

Իրաւապահները մեղադրանք առաջադրած են անցեալ շաբաթ ձերբակալուած երկու դաշնակցականներուն եւ կուսակցութեան համակիրին` Արարատի մարզի բնակիչներուն վարչապետի հրաժարականի պահանջով անցեալ տարուայ բողոքի շարժումներուն մասնակցելուն հարկադրելու համար:

Գործը յարուցուած է ամրան լրատուամիջոցներէն մէկուն հրապարակած «ՀՅԴ-ականները կը շարունակեն փողով մարդ բերել» վերնագրով ձայնագրութեան հիման վրայ:

Մեղադրեալներէն կուսակցութեան Արարատի մարզային կառոյցի անդամ Գառնիկ Մանուկեանը կալանաւորուած է, կը հաղորդէ Քննչական Կոմիտեն: Միւս երկուքը ազատութեան մէջ են:

Ըստ քննիչներուն` Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ դաշնակցական Արտաւազդ Մարգարեանը, կուսակցութեան համակիր Յունան Մելքոնեանը գումար տուած են, որ արարատցիները ընդդիմութեան շարժումներուն մասնակցին: Թէ որքան գումար տրուած է, իրաւապահները չեն մանրամասներ:

Իրաւապահները նաեւ կը պնդեն, որ խուզարկութիւններու բերումով առգրաւած են «Հայաստան Դաշինք» գրառմամբ 2 թղթապանակ` 100-է աւելի թուղթերով, որոնց վրայ ցուցակի տեսքով, մեծամասամբ ձեռագիր գրուած են անուն-ազգանուններ, դիմացը նշուած «առաւել» կամ «նուազ», բացակայ եւ այլ նշումներ, հեռախօսահամարներ, անձնագրի թիւեր ստորագրութիւններով, «բարգաւաճ», «պիտի չնտրեն», «հանուած է», «չգրել», «չզանգել», «մտնել», «չմտնել», ինչպէս նաեւ գումար վերցնելու, չվերցնելու վերաբերեալ նշումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment