Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Տարածաշրջանին Մէջ Մեր Յարաբերութիւնները Չփոխենք, Չենք Կրնար Կառավարել Սպառնալիքները. ՀՀ Վարչապետ

Եթէ Տարածաշրջանին Մէջ Մեր Յարաբերութիւնները Չփոխենք, Չենք Կրնար Կառավարել Սպառնալիքները. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

Յունուար 10-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ առանց տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի յարաբերութիւնները փոխելու հնարաւոր չէ կառավարել սպառնալիքները, սակայն յաւելեց, որ փաստ չէ, որ միայն Հայաստանի ցանկութիւնը բաւարար է:

Փաշինեան նման դիրքորոշում յայտնեց անդրադառնալով Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ` օրերս տեղի ունեցած զօրավարժութիւններուն, Հայաստանի սպառազինութեան համալրման վերաբերեալ հարցերուն:

Վարչապետը ճիշդ չհամարեց հրապարակային քննարկել բանակի սպառազինութեան, համալրման հետ կապուած հարցերը: «Այն, որ մենք անվտանգային ոլորտում ունենք շատ լուրջ խնդիրներ, փաստ է, որը հնարաւոր չէ ժխտել: Բայց, այն, որ մենք ամէն ինչ անում ենք այդ խնդիրները լուծելու համար, դա էլ ակնյայտ է դառնում գոնէ այն թիւերից, որ կարելի է հրապարակային տեսնել պետական պիւտճէում` թէ՛ 2022-ի կատարողանում, թէ՛ 2023-ի ծրագրաւորուածում», ըսաւ Փաշինեան:

Ան շեշտեց, որ Զինուած Ուժերուն մարտունակութիւնը շատ կարեւոր է, առանց մարտունակ բանակի խաղաղութիւն հնարաւոր չէ, սակայն  միայն մարտունակ բանակով եւս խաղաղութիւն հնարաւոր չէ:

«Որեւէ մէկը չի կարող ժխտել, որ խաղաղութեան օրակարգն անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի  համար եւ ընդհանուր առմամբ: Որեւէ իրադարձութիւն մեզ պէտք չէ շեղի այդ անհրաժեշտութիւնից եւ տեսլականից: Զօրավարժութիւնները, ռազմական բնոյթի սադրանքները նաեւ ինչ նպատակ կարող են ունենալ. խաղաղութեան օրակարգը շինծու հռչակելու, օրակարգից հանելու նպատակ կարող են ունենալ: Բայց այն, որ Ատրպէյճանը շարունակում է Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական քաղաքականութիւնն ակնյայտ է: Երբ մենք խօսում ենք Լեռնային Ղարաբաղի մասին, Ատրպէյճանը դա ընկալում է ոտնձգութիւն իր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ եւ ապացոյց այն բանի, որ Հայաստանը չի ճանաչում եւ մտադիր չէ ճանաչել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Եւ դրանից էլ զարգացնում են այն խօսոյթը, որ իրենք էլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը չեն ճանաչում: Դրանից էլ  մենք այլ հետեւութեան ենք գալիս, ասում ենք, որ Սոթք-Խոզնավարից սկսած եւ Սեպտեմբերի 13-ի ոտնձգութիւնները հիմք են տալիս ենթադրելու, որ Ատրպէյճանը երբեք չի ճանաչի ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ընդհակառակը` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նոր նկրտումների ի ցոյց բերելու նպատակ է դրել», ըսաւ Փաշինեան:

Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի մէջ ժամանակին բնակուած ատրպէյճանցիներու մարդահամար կ’ընէ: «Մենք էլ ենք մարդահամար անում: Հայաստանն էլ Պաքուից, Սումգայիթից, Գետաշէնից եւ այլ տեղերից բռնագաղթած հայերի մարդահամար է իրականացնում», նշեց Փաշինեան:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք թուրքերը թշնամիներ ե՞ն, թէ՞ ոչ, ան ըսաւ, որ կայ պատմական իրողութիւն, որ ցանկութեան պարագային ալ հնարաւոր չէ փոխել, սակայն այդ թշնամանքի զգացումը պէտք է կառավարուի:

Փաշինեան նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճանը կը համարէ, որ ռազմական յաջողութեան հասած է եւ այդ պէտք է զարգացնէ` առաւելագոյնը ստանալու համար:

«Մենք պէտք է հասկանանք, թէ ինչպէս եւ ինչու են փոխուել Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները, ի՞նչ է դա նշանակում եւ ի՞նչ կարող է նշանակել մեզ համար: Բայց, մեծ հաշուով, մեր ռազմավարական մօտեցումը պէտք է լինի հետեւեալը` պէտք է տանք մէկ հարցի պատասխան` մենք այս տարածաշրջանում ինչպէ՞ս ենք մեզ դիրքաւորում. մեզ դիրքաւորում ենք որպէս հարեւան եւ գործընկե՞ր, թէ՞ դիրքաւորում ենք որպէս, օրինակ, պայմանական բառապաշարով, ֆորփոսթ, թէ՞ որպէս պատմական արդարութեան մարտիկ, թէ՞ որպէս մի պետութիւն, որը պէտք է դասեր տայ միւս պետութիւններին, թէ ինչպէս է պէտք ապրել ու ստեղծագործել: Սրանք բոլորը ընտրութիւններ են, այսպէս ասած «մենիու» է, եւ մեր կառավարութիւնն այդ ընտրութիւնը ինքն իր համար արել է», ըսաւ վարչապետը` յաւելելով, որ փաստ չէ, որ այդ միւսներուն համար ընդունելի պիտի ըլլայ:

Փաշինեանը կարեւորեց աւելի խորագէտ ըլլալ` յաղթահարելու ծառացած մարտահրաւէրները:

«Եթէ մենք մեր տարածաշրջանում մեր յարաբերութիւնները չփոխենք, չենք կարողանայ կառավարել սպառնալիքները, որոնք կան: Բայց փաստ չէ, որ միայն մեր ցանկութիւնը բաւարար է», ըսաւ վարչապետը` կարեւորելով շատ ճկուն ըլլալը:

Լրագրողը հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս վարչապետը կը պատկերացնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետ կապուած հարցին լուծումը, ի՞նչ ճանապարհով եւ ի՞նչ կ’ընէ կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ: Լրագրողը նաեւ վարչապետէն խնդրեց անդրադառնալ ռուսական հարթակներուն մէջ տարածուած տեղեկութեան, թէ Հայաստանը վերջնագիր ներկայացուցած է Ռուսիոյ, այն է` եթէ մինչեւ Յունուար 10 չբացուի Լաչինի միջանցքը, ապա Հայաստանը դուրս պիտի գայ ՀԱՊԿ-էն եւ ԱՊՀ-էն:

Վարչապետը նախ ըսաւ, որ չի կարծեր, թէ գործընկերներուն հետ պէտք է վերջնագրերու լեզուով խօսիլ:

«Այն, ինչ ունենք ասելու տուեալ իրադրութեան հետ կապուած, արդէն հրապարակային ասուել է եւ մեծ հաշուով աւելացնելու բան չկայ: Նաեւ հրապարակային գնահատականներ են տրուել Լաչինի միջանցքը փակելու փաստին», նշեց վարչապետը:

Վարչապետը անհրաժեշտ կը համարէ աւելի խոր եւ ընդհանրական հասկնալ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին բովանդակութիւնը:

«Իմ գնահատմամբ` այն, ինչ տեղի է ունենում Լաչինի միջանցքում առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան` սեփական հայրենիքում ապրելու կամքը կոտրելու նպատակն ունի: Սա է ամենակարեւոր բովանդակութիւնը խնդրի: Սա պէտք է հաշուի առնենք: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշումներն արտայայտուել են եւ, կարծում ենք, որ մեր գործիքակազմը պէտք է լինի դիւանագիտական, այն է` միջազգային հնարաւորինս մեծ ճնշում գործադրել Լաչինի միջանցքը բացելու հարցում», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ իրաւական պարտաւորութիւններ դրուած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան վրայ:

«Եթէ ուշադրութիւն էք դարձրել, եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտում, որը վերաբերւում է Լաչինի միջանցքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ որեւէ ձեւակերպում չկայ: Եւ, կարծում ենք, որ մեր գործողութիւնները պէտք է լինեն լիարժէք օրինական եւ այս գործընթացում եւ ընդհանրապէս որեւէ գործընթացում օրինականութիւնը համարում ենք առանցքային նշանակութիւն ունեցող, ընդ որում` միջազգայնօրէն օրինական դիրքորոշումները եւ մօտեցումները եւ հարցին մօտենում ենք այս տրամաբանութեամբ», աւելցուց վարչապետը:

Փաշինեան յիշեցուց, որ 2022 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին աննախադէպ ծաւալի` աւելի քան 170 միլիառ դրամի աջակցութիւն ցուցաբերած է:

«Մենք շարունակելու ենք աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներին: Գիտէք, որ մարդասիրական ճգնաժամը կառավարելու հարցում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ: Գիտէք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդում է հարցը բարձրացուել եւ այն շարունակում է մնալ ՄԱԿ Ախ-ի օրակարգում: Ի հարկէ, Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի վերաբերեալ եւս դիրքորոշումներ արտայայտել եմ տուեալ իրավիճակում: Պէտք է ուշադրութիւն հրաւիրեմ այն փաստի վրայ, որ, այո, Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է ապահովի Լաչինի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը, եւ դա յստակ ձեւակերպուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ», եզրափակեց Փաշինեան:

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան խաղաղապահ զօրախումբերու  համատեղ զօրավարժութիւնը Հայաստանի մէջ այս տարի պիտի չկայանայ, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանը նպատակայարմար չէ համարած զօրավարժութեան կայացումը, յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ասուլիսին ընթացքին:

«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն արդէն իսկ ՀԱՊԿ միաւորուած շտաբին գրաւոր տեղեկացրել է, որ մենք ՀՀ-ում նման զօրավարժութիւններ անցկացնելն այս իրավիճակում  նպատակայարմար չենք համարում: Եւ այդ զօրավարժութիւնները ՀՀ-ում, յամենայնդէպս, այս տարի չեն կայանայ», ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը ողջունելի քայլ համարեց օդային բեռնափոխադրումներուն արգելքը վերացնելու մասին Թուրքիոյ յայտարարութիւնը:

«Կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւններում ոչ միայն բանակցութիւններ տեղի ունենան, այլեւ իրադարձութիւններ, որոնք կ’ապահովեն այդ բանակցութիւնների աշխուժութիւնը: Սա շատ կարեւոր է նաեւ յատուկ ներկայացուցիչների աշխատանքի համար», ըսաւ ան:

Փաշինեան, յիշեցնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը, ինչպէս նաեւ հանդիպումը Փրակի մէջ, նկատեց․ «Կարեւոր է աշխուժութիւն ունենալ յարաբերութիւններում: Յոյս ունեմ, որ յառաջիկայում երրորդ երկրների քաղաքացիների համար կը բացուի սահմանը, ինչպէս նաեւ ակնկալում ենք սահմանի բացում դիւանագիտական անցագիր ունեցողների համար»:

Հայաստանի վարչապետին գնահատմամբ` այս իրադարձութիւնները կարեւոր են ոչ միայն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առումով, այլեւ տեղի ունեցող միջազգային լոկիսթիք շղթաներու շատ լուրջ փոփոխութիւններու ծիրին մէջ: «Կարծում եմ` այս տարածաշրջանը միջազգային բեռնափոխադրումների առումով շատ աւելի հետաքրքիր է դառնում, քան նախկինում, միջազգային մեծ կարեւորութիւն է ձեռք բերում: Այս իմաստով, ի հարկէ, Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանի բացումը եւ հայ-թուրքական երկաթուղու բացումը շատ աւելի համաշխարհային նշանակութիւն է ստանում: Յոյս ունեմ, որ մենք հնարաւորութիւն կ’ունենանք շարժուելու այս ճանապարհով: Պէտք է արձանագրեմ պատրաստակամութիւնը նաեւ Երասխ-Սադարակ-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղին վերականգնելու վերաբերեալ: Մենք դրան պատրաստ ենք», յայտնեց Փաշինեան` նշելով, որ կայ շահագրգռուածութիւն Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներու իրականացման, արեւելք-արեւմուտք ուղղութիւններով մայրուղիներու բացման, նաեւ նոր ճանապարհներու կառուցման ուղղութեամբ:

«Միակ բանը, որ այս ամէնին խանգարում է, Ատրպէյճանի շարունակական խօսոյթն է ինչ-որ միջանցքների մասին: Մենք պատրաստ ենք իրագործել հայկական խաչմերուկի մեր տեսլականը: Նաեւ հասկանում ենք, որ ձեզ յայտնի հանգամանքների բերումով միջազգային բեռնափոխադրումների, լոկիսթիք շղթաների եւ ուղիների համաշխարհային փոփոխութիւններ են տեղի ունենում, եւ այս փոփոխութիւնները կարելի է օգտագործել ի նպաստ տարածաշրջանում կայունութեան, խաղաղութեան, այլ ոչ թէ հակառակը», նշեց վարչապետը:

Ան ընդգծեց, որ այդ պարագային շատ աւելի գործուն նիտի ըլլայ հիւսիս-հարաւ ճանապարհային եւ երկաթուղային բեռնափոխադրումներու իրականացումը: «Այս պարագայում մենք խօսում ենք նաեւ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան, այսինքն Ատրպէյճանի տարածքով Իրան-Հայաստան եւ Իրան-Ատրպէյճան եւ Իրան-Ռուսաստան երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին, մենք պատրաստ ենք այս ուղղութեամբ գնալ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով հարցին, թէ յառաջիկային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ հանդիպումներու շրջանակին մէջ արդեօք հնարաւո՞ր են երկիրներու ղեկավարներու փոխայցելութիւններ` Փաշինեան ըսաւ․ «Դա կախուած է, ի հարկէ, ընդհանուր իրավիճակից եւ երկու կողմերի քաղաքական կամքից: Կարծում ենք` կարելի է օգտագործել յարաբերութիւնների կարգաւորման այն դրական հնարաւորութիւնները, որոնք կը ստեղծուեն»:

Ան յաւելեց, որ եթէ կը փափաքինք, որ Հայաստանը իսկապէս զարգացած եւ անվտանգ պետութիւն ըլլայ, պէտք է մտածենք տարածաշրջանին մէջ մեր յարաբերութիւններուն որակը փոխելու մասին: «Մենք նաեւ կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագրում նոր դիտակէտ ենք ներկայացնում` որպէս արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւն, եւ մենք այդ կարեւոր ուղղութիւնը պայմանականօրէն անուանում ենք «տարածաշրջանացում»: Պատմականօրէն մենք մեր տարածաշրջանում աւելի շատ մտավախութիւններ ենք ունեցել, քան տեսել ենք հնարաւորութիւններ: Կարծում ենք` գուցէ ժամանակն է, որ փոխենք մեր դիտանկիւնը», ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանին Միութենական պետութեան մաս կազմելու պաշտօնական առաջարկ չէ եղած, բայց իրականութիւնը այդքան պարզ չէ, ինչքան կը թուի, ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ Հայաստանին երբեւէ եղա՞ծ է առաջարկ Ռուսիոյ հետ Միութենական պետութիւն կազմելու վերաբերեալ, եթէ նման առաջարկ հնչած է, ինչպիսի՞ն է վարչապետին դիրքորոշումը, յատկապէս, որ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանի վրայ ճնշում կը գործադրեն Միութենական պետութեան միանալու համար:

«Եթէ նկատի ունէք պաշտօնական առաջարկ, ապա պաշտօնական առաջարկ չի եղել եւ չէր էլ կարող լինել: Բայց, ցաւօք, իրականութիւնը այդքան պարզ չէ, ինչքան թւում է: Երբեմն պէտք է խորը դիտարկել հարցերի ոչ այնքան բնագիրը, որքան ենթաբնագիրը: Մենք պէտք է դիտարկենք համաշխարհային գործընթացները: Կարող եմ այլ բան ասել, որ մեզ համար, ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, պետականութիւնը բացարձակ արժէքներ են:

Եւ ինչպէս այլ հարցին ի պատասխան ասացի, մեր պարտքն ու առաքելութիւնն ենք համարում ամէն ինչ անել պետութեան, հայրենիքի, պետականութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար», ըսաւ վարչապետը:

Ճշգրտող հարցին` ոչ-պաշտօնական խողովակներով նման առաջարկներ եղա՞ծ են, Փաշինեան պատասխանեց․

«Նայած, թէ ինչ նկատի ունէք` ոչ-պաշտօնական խողովակ ասելով: Օրինակ` փորձագէտների կողմից շարունակաբար զարգացուող խօսոյթը կարելի է ոչ-պաշտօնական համարել, ոչ-պաշտօնական շփումներն էլ կարելի է համարել»:

Հարցին, թէ Արմէն Գրիգորեանը անո՞նք նկատի ունէր, երբ կը խօսէր ճնշումներու մասին, վարչապետը պատասխանեց, որ կ՛ենթադրէ, որ այդ շարքին անոնք նկատի ունեցած է:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդգծէ, որ 2018 թուականէն Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումը եղած է այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ, որ պէտք է որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը:

«Այսօր մեր խնդիրն է, որ մենք աջակցենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, հայութիւնը շարունակի ապրել Լեռնային Ղարաբաղում, շարունակի մնալ հայ, իրեն համարի հայ, ղարաբաղցի, արցախցի եւ հնարաւորութիւն ունենայ ապրել անվտանգ միջավայրում: Մեծ հաշուով, դեռ 2018 թուականից մեր դիրքորոշումը եղել է այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ, որ պէտք է որոշի Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը եւ յարաբերութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքը պէտք է որոշի եւ պէտք է հաղորդակցութեան մէջ լինի, այդ թւում`  Ատրպէյճանի իշխանութիւնների հետ», ըսաւ Փաշինեան:

Պատասխանելով հարցին, թէ կա՞ն սեղանին դրուած հարցեր, որոնց շուրջ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները ունին տարբեր դիրքորոշումներ:

«Ոչ, չկան այդպիսի հարցեր, յամենայնդէպս, իմ տպաւորութեամբ, որովհետեւ մենք մշտական հաղորդակցութեան մէջ ենք, եւ ես այս պահի դրութեամբ իմ օրակարգում չունեմ արձանագրուած այդպիսի հարց», ըսաւ վարչապետը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment