Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկելու Հարցը Բազմիցս Եղած Է Օրակարգին. Փեսքով

Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկելու Հարցը Բազմիցս Եղած Է Օրակարգին. Փեսքով

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի խաղաղապահներ ուղարկելու թեման մէկ անգամ չէ, որ եղած է օրակարգին, սակայն որեւէ առաքելութիւն կրնայ ներգրաւուիլ միայն հակամարտութեան երկու կողմերուն` ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պաքուի համաձայնութեամբ, լրագրողներու հետ հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:

«Աշխատանքային, տարբեր մակարդակներով մշտական ​​շփումներ տեղի կ’ունենան: Ի հարկէ, այս թեման բազմիցս եղած է օրակարգին: Բայց պարզ է, թէ որեւէ առաքելութիւն կրնայ ուղարկուիլ միայն հակամարտութեան երկու կողմերուն համաձայնութեամբ», ըսած է Քրեմլինի խօսնակը` պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները քննարկա՞ծ են այս թեման:

«ТАСС»-ը կը մէջբերէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը, որ նախօրէին յայտնած էր, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ Ռուսիան կրնայ նախաձեռնել Լեռնային Ղարաբաղ բազմազգ առաքելութեան ուղարկումը, եթէ ինք «չի կրնար կատարել իր պարտաւորութիւնները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment