Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեան Յայտնած Է ՊՆ-ի Պատրաստակամութիւնը` Աջակցելու ԵՄ Նոր Դիտորդական Առաքելութեան

Պապիկեան Յայտնած Է ՊՆ-ի Պատրաստակամութիւնը` Աջակցելու ԵՄ Նոր Դիտորդական Առաքելութեան

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Եւրոմիութեան տեխնիկական գնահատման առաքելութիւնը` Մարչին Վիտրայի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած է Դեկտեմբերին աւարտած առաքելութեան գործունէութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այն արդիւնաւէտ կը շարունակուի նաեւ նոր առաքելութեան գործունէութեան ընթացքին:

ԵՄ նոր առաքելութեան մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով գլխաւոր յանձնակատար Ժոզեփ Պորէլ յայտարարած էր՝ նշելով, որ Միութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի` նոր, անցումային խումբով, որ հիմքեր պիտի ստեղծէ Հայաստանի մէջ հնարաւոր աւելի երկար ժամկէտով ԵՄ առաքելութեան տեղակայման համար: Ան ընդգծած էր, որ այդ առաքելութեան նպատակն է ի վերջոյ նպաստել կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:

Օրերս արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւս ընդունած էր պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Սուրէն Պապիկեան ներկայացուցած է նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի կողմէ Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր հետեւանքով ի յայտ եկած մարդասիրական լուրջ մարտահրաւէրները:

Պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատած է ԵՄ ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ` յատկապէս կարեւորելով դիտորդական առաքելութիւններուն դերը, եւ յայտնած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան պատրաստակամութիւնը շարունակելու բոլոր միջոցներով աջակցելու ԵՄ նոր դիտորդական առաքելութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment