Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Առաջատար Շարք Մը Լրատուամիջոցներ Արձագանգած Են Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած Հանրահաւաքին

Միջազգային Առաջատար Շարք Մը Լրատուամիջոցներ Արձագանգած Են Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած Հանրահաւաքին

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Դեկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած համաժողովրդական հանրահաւաքը յայտնուած է միջազգային շարք մը առաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին:

Հանրահաւաքին մասին գրած է «Agence France Presse» (AFP) գործակալութեան թղթակիցը: Յօդուածը տարածած են «France 24», «Digital Journal», «Channel News Asia», «RFI» լրատուամիջոցները:

Յօդուածին հեղինակը հակիրճ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին` 2 շաբաթ շարունակուող արգելափակումը:

Յօդուածին հեղինակը, վկայակոչելով ՀՀ կառավարութեան, կը նշէ, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յառաջացած է սնունդի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի պակաս:

«AFP»-ի թղթակիցը զրուցած է Ստեփանակերտի 70-ամեայ բնակչուհի Տոնարա Գաբրիէլեանի հետ, որ շեշտած է, որ Լաչինի միջանցքով Արցախը կը կապուի ոչ միայն Հայաստանի հետ:

«Սա միակ ճանապարհն է, որ կապում է Արցախը մնացած աշխարհի հետ, ոչ միայն Հայաստանի, քանի որ մենք աշխարհի հետ կապւում ենք Հայաստանի միջոցով», ըսած է Տոնարա Գաբրիէլեանը:

Ստեփանակերտի մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած հանրահաւաքին անդրադարձած է նաեւ «ТАСС» լրատուական գործակալութիւնը: Լրատուամիջոցը նոյնպէս ներկայացուցած է վերջին երկու շաբաթներուն Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ երկու կողմերուն յայտարարութիւնները այդ առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment