Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւը Հայաստանի Նկատմամբ Կը Հնչեցնէ Նոր Տարածքային Պահանջներ․ ՀՀ ԱԳՆ Կոչով Կը Դիմէ Շահագրգիռ Գործընկերներուն

Ալիեւը Հայաստանի Նկատմամբ Կը Հնչեցնէ Նոր Տարածքային Պահանջներ․ ՀՀ ԱԳՆ Կոչով Կը Դիմէ Շահագրգիռ Գործընկերներուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը որեւէ կերպ շահագրգիռ չէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին հնչեցուցած միտքերը:

Ալիեւ ըսած է, թէ «նոր ձեւաւորուած Ատրպէյճանական դեմոկրատական հանրապետութիւնը, 1918 թուականին կայացուցած առաջին որոշումներէն մէկով, մեր պատմական քաղաքներէն մէկը` Երեւանը նուիրեց Հայաստանին: Այդ աններելի քայլ էր, այդ դաւաճանութիւն էր եւ յանցագործութիւն»: Ան նաեւ խօսած է ատրպէյճանցիներու` Սիւնիք վերադարձի մասին:

Ալիեւ ոչ միայն բացայայտօրէն կ’ընդունի ուժի կիրառման միջոցով Հայաստանի ինքիշխան տարածքի բռնագրաւման փաստը, այլեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կը հնչեցնէ նոր տարածքային պահանջներ եւ ուժի կիրառման սպառնալիքներ, բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերէ թէ՛ միջազգային իրաւունքի եւ թէ՛ միջազգային գործընկերներու նկատմամբ, կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ղեկավարին յայտարարութիւնները կը հակասեն Փրակի եւ Սոչիի մէջ այս տարի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն` Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը շեշտած է, որ անոնք կ’արտացոլեն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նկրտումները` ուղղուած խաղաղութեան գործընթացի վիժեցման:

«Իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեն նաեւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերաբերեալ ելոյթում հնչեցուած բոլոր հիմնաւորումները: Այս եւ նախկինում Ատրպէյճանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի դէմ իրականացուած այլ յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին ցեղային զտումների ենթարկելու հետեւողական քաղաքականութեան մասն են», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը եւ կոչ կ’ընէ միջազգային շահագրգիռ գործընկերներուն` հասցէական յայտարարութիւններու եւ թիրախային գործողութիւններու միջոցով պարտաւորեցնելու Ատրպէյճանին դադրեցնել ռազմատենչ եւ առաւելապաշտական հռետորաբանութիւնը, իրագործել իր իսկ կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները, դուրս բերել ատրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն եւ վերականգնել Լաչինի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը` եւս մէկ անգամ ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կառուցելու հայկական կողմին հաստատակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment