Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Առաջինը Արձագանգած Է Միջանցքի Արգելափակման. ԱԺ Նախագահը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Դիւանագիտական Առաքելութիւնը Աւարտող Թրէյսին

ԱՄՆ Առաջինը Արձագանգած Է Միջանցքի Արգելափակման. ԱԺ Նախագահը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Դիւանագիտական Առաքելութիւնը Աւարտող Թրէյսին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Լին Թրէյսին:

Արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը փաստող միտքերու փոխանակումէն յետոյ Ալէն Սիմոնեան նշած է, որ թէեւ դեսպանին դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի համար ծանրագոյն ժամանակաշրջանին էր, այնուամենայնիւ, պաշտօնավարման ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հասած են աւելի բարձր մակարդակի: Ան յաւելած է, որ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան խորհրդարանական ձեւաչափը նոր նշաձող սահմանած է: Ալէն Սիմոնեան ընդգծած է դեսպանին կատարած ծաւալուն աշխատանքին կարեւորութիւնը դիւանագիտական եւ հանրային հարթակներու մէջ:

«Շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներին Լաչինի միջանցքի շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւնների վերաբերեալ հասցէական արձագանգի համար: Նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներն առաջինն է արձագանգել միջանցքի արգելափակմանը», շեշտած է Ալէն Սիմոնեան:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ ԱԺ նախագահը յաջողութիւններ մաղթած է Լին Թրէյսիին հետագայ գործունէութեան ընթացքին` վստահութիւն յայտնելով, որ որեւէ պարագային դեսպանը պիտի պահպանէ բարեկամական կապերը Հայաստանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment