Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Ներքին Գործերու Նախարարութիւն. ԱԺ-ն Ընդունեց Նախագիծը

Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Ներքին Գործերու Նախարարութիւն. ԱԺ-ն Ընդունեց Նախագիծը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, ըստ որուն կը ստեղծուի Ներքին Գործերու Նախարարութիւն:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը ԱԺ նիստին ընդունուեցաւ` ստանալով 67 «կողմ», 6 «դէմ» ձայներ:

Ներքին Գործերու Նախարարութեան ծիրին մէջ պիտի ամփոփուին երեք ծառայութիւններ` փրկարար ծառայութիւնը, ոստիկանութիւնն ու գաղթականութեան ու քաղաքացիութեան ծառայութիւնը: Նախարարութեան ենթակայութեան ներքոյ պիտի ըլլայ առանձին ակադեմիա, որ պատասխանատու պիտի ըլլայ անձնակազմի որակին համար, պիտի իրականացնէ համապատասխան ուսուցումը:

Առաջին ընթերցմամբ ընդունումէն յետոյ օրէնսդրական փաթեթի մասով փակ քննարկում տեղի  ունեցած է ԱԺ երկու յանձնաժողովներու մասնակցութեամբ, քննարկուած են մանրամասնութիւնները: Փաթեթին մէջ կատարուած են որոշակի խմբագրումներ, շտկուած են տեխնիկական թերութիւնները:

«Հայաստան» խմբակցութենէն ներկայացուած են 4 առաջարկներ, որոնցմէ 3-ը չեն ընդունուած: Խմբակցութիւնը առաջարկած է ոստիկանութեան բարձրագոյն կոչումներու շնորհման գործընթացը շարունակել վերապահել հանրապետութեան նախագահին: Բայց, արդարադատութեան փոխնախարար Արփինէ Սարգսեանի խօսքով, հաշուի առնելով, որ Ոստիկանութիւնը կը դառնայ Ներքին Գործերու Նախարարութեան պետական մարմին, այդ կանոնակարգը չի կրնար գործել: Մէկ առաջարկն ալ մասամբ ընդունուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment