Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պրիւքսէլը Պիտի Չերկարաձգէ Հայաստանի Մէջ Եւրոմիութեան Դիտորդական Առաքելութեան Մանտաթի Ժամկէտը. Ժոզեփ Պորէլ

Պրիւքսէլը Պիտի Չերկարաձգէ Հայաստանի Մէջ Եւրոմիութեան Դիտորդական Առաքելութեան Մանտաթի Ժամկէտը. Ժոզեփ Պորէլ

by MassisPost

Պրիւքսէլը պիտի չերկարաձգէ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան մանտաթի ժամկէտը, որ կ’աւարտի յաջորդ շաբաթ, այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլը` նշելով, որ նման որոշում կայացուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած նիստին:

Պորէլի գնահատմամբ` առաքելութեան աշխատանքը «արդիւնաւէտ» էր, բայց առաքելութեան ժամկէտը չերկարաձգելու պատճառներու մասին չխօսեցաւ, միայն նշեց, որ «ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ պայմանաւորուածութեան համաձայն» առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը Դեկտեմբեր 19-ին պէտք է աւարտէ:

«Այդուհանդերձ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջնորդի մեր հեղինակութիւնը պահպանելու համար Հայաստան պիտի ուղարկուի խումբ մը, որպէսզի ծրագրէ հնարաւոր քաղաքացիական առաքելութեան ուղարկումը, եթէ յաջորդ տարի նման համաձայնութիւն ձեռք բերուի», յայտնած է Պորէլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment