Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լաչինի Միջանցքին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լաչինի Միջանցքին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անխափան կապի ապահովումն ու այդ ուղղութեամբ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի, 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման վերաբերող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment