Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պաքուի Գործողութիւնները Կրնան Յանգեցնել Մարդասիրական Աղէտի»․ ՀՀ ԱԳՆ

«Պաքուի Գործողութիւնները Կրնան Յանգեցնել Մարդասիրական Աղէտի»․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել լայնածաւալ մարդասիրական աղէտի, կը յայտարարէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` միջազգային հանրութեան` ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահող եւ անդամ երկիրներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակին:

Ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային մեխանիզմներու գործարկման կամ վերագործարկման անհրաժեշտութիւնը` Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը շեշտէ, որ այս նպատակով յառաջիկային խորհրդակցութիւններ պիտի սկսին միջազգային գործընկերներու հետ:

Լաչինի միջանցքը փակելու նախապատրաստութիւնները մեկնարկած էին դեռ ամիսներ առաջ, կը յայտարարէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` շարունակելով. «Ակնյայտ է, որ տուեալ սադրանքը կազմակերպուել է Ատրպէյճանի պետական մարմինների կողմից, նպատակ հետապնդելով Լեռնային Ղարաբաղը կտրել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այսպիսով` արտաքին աշխարհի հետ կապից»:

«Այս գործողութեան հետեւանքով ԼՂ բնակիչները զրկուել են ազատ տեղաշարժի իրաւունքից, Լեռնային Ղարաբաղը կանգնած է պարէնային եւ մարդասիրական ճգնաժամի վերահաս վտանգի առաջ», կը նշէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակը ուղիղ հակադրութեան մէջ է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին հետ, համաձայն որուն` ա) Լաչինի միջանցքը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքոյ, բ) Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը:

«Միջազգային պարտաւորութիւնների, այդ թւում նաեւ 2020 թուական Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնով ստանձնած յանձնառութիւնների անշեղօրէն կատարումը, ուժի կիրառումից կամ ուժի կիրառման սպառնալիքից հրաժարումը, հրադադարի խստօրէն պահպանումը, Լաչինի միջանցքում` ռուս խաղաղապահների հսկողութեան ներքոյ տեղաշարժի անխափան իրականացումը առանցքային են ԼՂ հիմնախնդրի քաղաքական հանգուցալուծման, տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, ժողովուրդների խաղաղ համակեցութեան համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment