Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Դադրեցուցած Է Արցախի Կազամատակարարումը. Արցախի Տեղեկատուական Շտաբ

Ատրպէյճանը Դադրեցուցած Է Արցախի Կազամատակարարումը. Արցախի Տեղեկատուական Շտաբ

by MassisPost

Ատրպէյճանը դադրեցուցած է Արցախի կազամատակարարումը, յայտարարած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

«Եղանակային նման պայմաններում երկնագոյն վառելիքի մատակարարման դադարեցումը մարդասիրական ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որը հետեւողականօրէն իրականացնում է Ատրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակիչների դէմ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտէն փակ է Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհը: Շուշիի հատուածին միջանցքը փակած ատրպէյճանցիները իրենք իրենց կ’անուանեն անկախ բնապահպաններ, ճանապարհին մէջտեղը վրաններ տեղադրած են: Ճանապարհը փակ է նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն համար:

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով փաստացի շրջափակուած են Շուշիի շրջանի Մեծ Շէն, Հին Շէն, Եղծահող եւ Լիսագոր համայնքները: Արցախէն կը հաղորդեն, որ ճանապարհի փակման պատճառով սննդամթերքի, մասնաւորապէս, հացի եւ ալիւրի, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարումը դէպի տուեալ բնակավայրեր Արցախէն չ’իրականացուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment