Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընը Մշտապէս Կեդրոնացած Եղած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Թուլցնելու Անհրաժեշտութեան Վրայ. Նետ Փրայս

Ուաշինկթընը Մշտապէս Կեդրոնացած Եղած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Թուլցնելու Անհրաժեշտութեան Վրայ. Նետ Փրայս

by MassisPost

Ուաշինկթընը մշտապէս կեդրոնացած եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը թուլցնելու եւ երկու երկիրները կայուն կարգաւորման ուղիի վրայ կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:

Փրայս պատասխանած է լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը հհետեւի՞Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրադրութեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին զրոյցներուն հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ եւ արեւմտեան եւրոպացիներու մտահոգութիւններուն այս առնչութեամբ:

«Մենք հետեւողականօրէն կեդրոնացած ենք այս մարտահրաւէրին, լարուածութեան թուլացման, այս երկու երկիրները կայուն, համապարփակ կարգաւորման ուղիի վրայ կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Մենք այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ, կազմակերպեցինք այս երկու երկիրներուն հանդիպումը արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով: Նոյնը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի ծիրին մէջ: Բացի անկէ, մեր աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկու երկիրներու պաշտօնեաներուն հետ երկխօսութեան մէջ` համոզուելու, որ մենք կ’ընենք այն ամէնը, ինչ կրնանք, եւ ամենակարեւորը, որ այս երկու երկիրները կ’ընեն ամէն բան, որպէսզի այդ լարուածութիւնը նուազի», ըսած է Նետ Փրայս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment