Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարն Ու Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Հանդիպումներ Ունեցած Են Միխայէլ Զիպերթի Հետ

ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարն Ու Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Հանդիպումներ Ունեցած Են Միխայէլ Զիպերթի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը առանձին հանդիպումներ ունեցած են Արտաքին Գործողութիւններու Եւրոպական Ծառայութեան Ռուսիոյ, Արեւելեան Գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ հարցերով կառավարող տնօրէն Միխայէլ Զիպերթի հետ:

Հայաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան փոխանցմամբ` արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեանը եւ Միխայէլ Զիպերթը քննարկած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Միրզոյեանը եւ Զիպերթը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ հայկական կողմին մօտեցումները: Ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ ոչ-կառուցողական քաղաքականութիւնը կը խաթարեն խաղաղութեան հաստատման ջանքերը, իսկ նոր մագլցողութեան հաւանականութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ:

Արարատ Միրզոյեանը անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Ռազմական գերատեսչութիւնն ալ կը հաղորդէ, որ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը Միխայէլ Զիպերթի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անտրէայ Վիքթորինը:

Կողմերը քննարկած են նաեւ ԵՄ դիտորդական կարողութիւններու գործունէութեան առնչուող հարցեր: Պաշտպանութեան նախարարին տեղակալը, ըստ հաղորդագրութեան, վերահաստատած է առաքելութեան աջակցելու պատրաստակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment