Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները Քննարկած Են Նաեւ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Գործունէութեան Հարցեր

ՀՀ Եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները Քննարկած Են Նաեւ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Գործունէութեան Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իտալիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Անթոնիօ Թայանիի հետ: Կողմերը անդրադարձած են բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու իրականացման, միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու Արտաքին Գործերու Նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կայացման վերաբերեալ: Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական կապերու խորացման ու ներդրումներու խրախուսման նշանակութիւնը եւ մասնաւորապէս հայ-իտալական միջակառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը:

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքում անդրադարձ է կատարուել նաեւ տարածաշրջանային կայունութեանն ու անվտանգութեանը վերաբերող հարցերի: Նախարար Միրզոյեանն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանի ոչ-կառուցողական եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառմանը միտուած մօտեցումները խաթարում են տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Հայաստանի եւ Իտալիայի արտաքին գործերի նախարարները քննարկել են նաեւ Հայաստանում տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան հետ կապուած հարցեր», կը նշուի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment