Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակի Նուազում Կայ

Հայաստանի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակի Նուազում Կայ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ  գործազրկութեան մակարդակը Յունուար-Օգոստոսի հրապարակուած տուեալներուն համաձայն նուազած է 14 տոկոսով: Այս մասին ըսաւ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին:

«Գործազրկութեան տոկոսի նուազում ունենք: Յունուար-Օգոստոս ամիսների  տուեալներով գործազրկութեան 14 տոկոսի նուազում ունենք», ըսաւ Մկրտչեան:

Նախարարը յիշեցուց, որ արդէն իսկ յայտարարուած է աշխատատեղիներու յաւելման մասին: Յայտարարուածներուն մէջ կան աշխատատեղիներ, որոնք դուրս եկած են ստուերէն, կան աշխատատեղիներ, որոնք նոր ստեղծուած են:

Իսկ ինչ կը վերաբերի աղքատութեան մակարդակին, ապա 2021-ի ցուցանիշը պիտի հրապարակուի 2022-ի վերջին: Մկրտչեան այս ծիրին մէջ ընդգծեց, որ երկիրը կը գտնուի յետպատերազմեան ժամանակահատուածին, եւ դեռ այդ ազդեցութիւնը կը շարունակէ գործել:

Նախարարին խօսքով` 2020-ի աղքատութեան մակարդակը եղած է 27 տոկոսի շրջանակներուն մէջ` ընդգծելով, որ 2019-ի համեմատ, սակայն, մեթոտաբանութիւն փոխուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment