Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպանիոյ Պատգամաւորներու Գոնկրէսը Համերաշխութիւն Յայտնած Է Հայաստանին` Դէմ Քուէարկելով Ատրպէյճանի Հետ Միջազգային Համաձայնագրին

Սպանիոյ Պատգամաւորներու Գոնկրէսը Համերաշխութիւն Յայտնած Է Հայաստանին` Դէմ Քուէարկելով Ատրպէյճանի Հետ Միջազգային Համաձայնագրին

by MassisPost

Սպանիոյ խորհրդարանի Ստորին Պալատը` Պատգամաւորներու Գոնկրէսը, ի նշան Հայաստանի հետ համերաշխութեան, Նոյեմբեր 3-ին չէ հաստատած Ատրպէյճանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագիրը:

Սպանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Ինեարիթուն յայտնեց, որ Մատրիտի մէջ 2021 թուականի Դեկտեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրը կ’ենթադրէր Ատրպէյճանի հետ գաղտնի տեղեկատուութեան փոխանակում եւ այդ տեղեկատուութեան պաշտպանութիւն:

Պատգամաւորներու քուէարկութեան բերումով համաձայնագիրը 174 դէմ եւ 132 կողմ ձայներով չէ վաւերացուած:

Քուէարկութենէն առաջ` համաձայնագրի շուրջ քննարկումներուն ժամանակ, Ինեարիթուն «անհեթեթութիւն» որակած է նմանօրինակ համաձայնագրի ստորագրումը` յատկապէս այս պահին, երբ «նախայարձակ Ատրպէյճանը Սեպտեմբերին յարձակում իրականացուցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ` բռնագրաւելով Հայաստանի քանի մը քառակուսի քիլոմեթր տարածք»: «Ատրպէյճանական վաարչակարգը փտած է, յարձակող եւ այլախոհներու հանդէպ անհանդուրժող», նշած է Ինեարիթուն` ընդգծելով այդ երկրին մէջ խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու փաստն ու քաղբանտարկեալներուն մեծ թիւը:

Մէկ այլ պատգամաւոր` Մարթա Ռոսիքը, դատապարտած է Սպանիոյ կառավարութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակման առնչութեամբ լուռ մնալու համար: Ան նաեւ քննադատութեամբ հանդէս եկած է առ այն, որ Սպանիան մինչ օրս չէ ճանչցած «այնպիսի վայրագութիւնը, ինչպիսին է հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը եւ փոխարէնը կը փափաքի նման համաձայնագիր կնքել»:

Ատրպէյճանի հետ համաձայնագրի վաւերացման դէմ քուէարկած են Սպանիոյ Ժողովրդական կուսակցութեան (PP), ինչպէս նաեւ VOX եւ անկախականներու կուսակցութիւններու պատգամաւորները: «Միասին` կրնանք» (Unidas Podemos) դաշինքի ներկայացուցիչները քուէարկած են ձեռնպահ:

Վերոնշեալ կուսակցութիւններու պատգամաւորներ քննարկման ընթացքին ընդգծած են Ատրպէյճանի մէջ փտած վարչակարգի, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու մասին, անդրադարձ կատարած են 2022 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն:

Աւելի վաղ` 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին, Սպանիոյ Պատգամաւորներու Գոնկրէսը լիագումար նիստին միաձայն ընդունած էր հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն` դատապարտելով 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment