Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին․ «Կ’ակնկալեմ, Որ Մենք Պիտի Յաջողինք Յառաջընթացի Հասնիլ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Կարգաւորման Ուղղութեամբ»

Փութին․ «Կ’ակնկալեմ, Որ Մենք Պիտի Յաջողինք Յառաջընթացի Հասնիլ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Կարգաւորման Ուղղութեամբ»

by MassisPost

Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետը կրկին յայտնած է, որ կ’ընդունի Ղարաբաղեան խնդիրին շուրջ ռուսական կողմին առաջարկները` շեշտելով, որ ռուսական կողմը պէտք է կատարէ իր խոստումները:

«Անցած շաբաթ «Վալտա» ակումբում Դուք անդրադառնալով հայ ատրպէյճանական հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագրին` ընդգծել էք, որ կ’աջակցէք այն փարամեթրերին, որոնք կ’ընտրի հայկական կողմը: Ինչպէս ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին ասացի, ուզում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ մեզ համար ընդունելի են այն մօտեցումները, որոնք յառաջարկում է ռուսական նախագիծը», ըսած է Փաշինեան:

Փաշինեան Փութինին վստահեցուցած է, որ ռուսական առաջարկները չեն հակասեր այն պայմանաւորուածութիւններուն, որ աւելի վաղ` ամսասկիզբին, ձեռք բերուած էին Փրակի մէջ` Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ: Եւ ընդհանարպես, շեշտած է Փաշինեան, ինքը արեւմտեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցող հանդիպումներուն հաշուի առած է նախագահ Փութինի յայտարարութիւնները:

Փաշինեան հարց դրած է նաեւ Հայաստանէն ու Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման անհրաժեշտութեան մասին` շեշտելով, որ ռուսական կողմը պէտք է յստակ դիրքորոշում յայտնէ: Ընդ որում, Հայաստանի վարչապետը յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը դաշնակից Ռուսիոյ յորդորով համաձայնած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանազատում սկսիլ` մէկ կողմ դնելով սահմանին կայունութեան ու անվտանգութեան մեխանիզմներ ստեղծելու նախապայմանը:

«Ռուսաստանի դիրքորոշումն այն էր, որ սահմանազատման յանձնաժողովի ձեւաւորումը եւ դրա աշխատանքը կը դառնայ սահմանների անվտանգութեան մեխանիզմ: Այն ժամանակ մենք համամիտ չէինք սրա հետ, բայց ի վերջոյ որոշեցինք յոյս դնել մեր ռազմավարական դաշնակցի` Ռուսաստանի մեկնաբանութեան վրայ», ըսաւ Փաշինեա` յիշեցնելով, որ, չնայած ռուսական կողմի հաւաստիացումներուն, Ատրպէյճանը Սեպտեմբեր 13-ին յարձակած է Հայաստանի վրայ` բռնագրաւելով նոր տարածքներ:

«Մեզ համար շատ կարեւոր է Ռուսաստանի յստակ դիրքորոշումը», ըսած է Փաշինեան` ընդգծելով, որ այդ դիրքորոշման մէջ պէտք է պահանջ ըլլայ ատրպէյճանական ուժերը մինչեւ 2021 թուականի Մայիս 11 զբաղեցուցած դիրքեր վերադարձնելու մասին:

Ռուսիոյ նախագահը բացման խօսքին մէջ յիշեցուցած է, թէ ինչ պայմաններու մէջ եւ ինչպէս ձեռք բերուած է 2020-ի պատերազմէն յետոյ ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը. «Այն ժամանակ բոլորս համակարծիք էինք, որ ամենակարեւորն է ապահովել խաղաղութիւնը եւ պայմաններ ստեղծել զարգացման, այդ շարքին Հայաստանի տնտեսութեան, ճանապարհային ուղիներու ապաշրջափակման համար»:

«Այս հակամարտութիւնը կը շարունակուի տասնամեակներէ, պէտք է ինչ-որ պահի զայն աւարտել: Գիտեմ, որ Դուք քաղաքական կամք ունիք անոր համար, ինչին մենք ամէն կերպ կը սատարենք: Եւ հիմա մենք պէտք է այստեղ, իսկ յետոյ եռակողմ ձեւաչափով գտնենք այն առանցքային կէտերը, որոնք թոյլ պիտի տան մեզի յառաջընթացի հասնիլ», ըսած է Վլատիմիր Փութին:

Խօսելով տարածաշրջանի ապաշրջափակման մասին` Փաշինեան կրկին նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է այս հարցով, միաժամանակ ընդգծած է, որ Հայաստանի տարածքով անցնող ուղիները պէտք է ըլլան Հայաստանի լիակատար հսկողութեան տակ եւ գործարկուին ըստ Հայաստանի օրէնսդրութեան:

«Ռուսաստանի դաշնային սահմանապահ ծառայութիւնը պէտք է վերահսկի վերը նշուած պայմանաւորուածութիւնների կատարումը», ընդգծած է Հայաստանի վարչապետը` յաւելելով, որ չնայած Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ու հարցի շուրջ բազմաթիւ քննարկումներուն, այն դեռ չէ լուծուեած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment