Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Վարչապետին Այցը Իրան Շրջադարձային Պիտի Ըլլայ Երկու Երկիրներու Զարգացման Համար. Իպրահիմ Ռայիսի

Հայաստանի Վարչապետին Այցը Իրան Շրջադարձային Պիտի Ըլլայ Երկու Երկիրներու Զարգացման Համար. Իպրահիմ Ռայիսի

by MassisPost

Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը վերջին ամիսներուն աճած է 43  տոկոսով, մեր նպատակն է զայն հասցնել 3 միլիառ տոլարի: Այս մասին ըսած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Իրանի նախագահը ըսած է, որ անշուշտ, Հայաստանի վարչապետին այցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն շրջադարձային պիտի ըլլայ երկու երկիրներու զարգացման համար:

Իպրահիմ Ռայիսին յայտնած է, որ բարիդրացիութեան քաղաքականութիւնը Իրանի կառավարութեան կողմէ ընդգծուած ռազմավարութիւններէն մէկն է` ընդգծելով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օրակարգին մէջ երկկողմ հանդիպումներն են` Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, առեւտրային յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու զարգացման համար:

«Մեր նպատակն է ապրանքաշրջանառութիւնը հասցնել երեք միլիառ տոլարի, ինչին կարելի է հասնիլ երկու երկիրներու կամքի առկայութեան պարագային», յաւելած է ան:

Ռայիսին ընդգծած է, որ երկու երկիրներու միջեւ լաւ յարաբերութիւնները, անշուշտ, պիտի յանգեցնեն տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ յարաբերութիւններու բարելաւման:

Ան յայտնած է, որ Իրանը Կովկասեան տարածաշրջանի պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի մէկ մասն է, ուստի Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը եւ իրադարձութիւններու զարգացումները շատ կարեւոր են Իրանի համար:

Իրանի նախագահը շեշտած է, որ տարածաշրջանային խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանային միաւորներուն կողմէ:

«Տարածաշրջանին մէջ օտարերկրացիներու որեւէ միջամտութիւն պիտի ստեղծէ խնդիրներ` հարցերը լուծելու փոխարէն», նշած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment