Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրան Պատրաստ Է Տարանցիկ Միջանցք Ստեղծելու Հայաստանի Եւ Պարսից Ծոցի Միջեւ. Իրանցի Նախարար

Իրան Պատրաստ Է Տարանցիկ Միջանցք Ստեղծելու Հայաստանի Եւ Պարսից Ծոցի Միջեւ. Իրանցի Նախարար

by MassisPost

Իրանի մայրուղիներու նախարար Ռոսթամ Ղասէմին յայտնած է, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնելու Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ միջանցք ստեղծելու Հայաստանի եւ Պարսից Ծոցի միջեւ` Արեւելեան Ատրպէյճանի Նորտուզ գիւղով: Ռոսթամ Ղասէմին այս յայտարարութիւնը ըրած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեանի հետ հանդիպման ժամանակ: Հանդիպման ընթացքին որոշում կայացուած է, որ իրանեան ընկերութիւնները պէտք է համագործակցին Հայաստանի հետ փապուղիներու, ճանապարհներու եւ շէնքերու կառուցման գործին մէջ:

Ելլելով երկու երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնագրէն` նախարարները որոշած են աւարտել եւ զարգացնել Հիւսիս-Հարաւ միջանցքը Նորտուզի սահմանէն մինչեւ Վարզեqան եւ Թաւրիզ: Ղասէմիի խօսքով, քանի որ Իրանը լաւ փորձ ունի «ազգային բնակարանային շարժում» անուանումով բնակարանաշինութեան ոլորտին մէջ, իրանեան շինարարական ընկերութիւնները պիտի սկսին իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: «Իրանի հիւսիսը աւելի քան 200 միլիոն թոն բեռ կը փոխադրուի, ինչ որ կարելի է լաւ հնարաւորութիւն համարել երկու երկիրներու միջեւ փոխանակումներու զարգացման համար», նշած է իրանցի նախարարը:

Ընդգծելով այն փաստը, որ Իրանը աշխարհի մէջ շաղախի չորրորդ մեծագոյն արտադրողն է, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ եղած է պողպատի արտադրութեան ոլորտին մէջ, Ղասէմին ըսած է, որ իրանեան շաղախի, պողպատի եւ շինանիւթերու արտադրողները պիտի ներկայացուին Հայաստանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment