Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան Այցելած Եմ Ճանապարհային Քարտէզ Սահմանելու Համար». Իրանի ԱԳ Նախարարը` ՀՀ Վարչապետին

«Հայաստան Այցելած Եմ Ճանապարհային Քարտէզ Սահմանելու Համար». Իրանի ԱԳ Նախարարը` ՀՀ Վարչապետին

by MassisPost

«Հայաստան այցելած ենք, որպէսզի պարոն Արարատ Միրզոյեանի հետ երկարաժամկէտ կտրուածքով երկու երկիրներուն համար սահմանենք մեր ճանապարհային քարտէզը»,   վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտոլլահիանը` ճանապարհային քարտէզէն մանրամասներ չյայտնելով:

Իրանի արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է, որ կը կարեւորեն հարեւան պետութիւններու հետ յարաբերութիւնները` յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Ընգծելով, որ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը շատ յագեցած է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հերթին այդ օրակարգը աւելի երկարաժամկէտ ծրագրաւորման տրամաբանութեան մէջ դնելու ցանկութիւն յայտնած է:

Ըստ վարչապետի գրասենեակին` զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են տնտեսական համագործակցութեան: Երկուստեք կարեւորուած է առեւտրաշրջանառութեան ոլորտին մէջ առկայ ներուժի լիարժէք իրացումը:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային զարգացումներու եւ անվտանգային միջավայրին շուրջ: Վարչապետը կարեւորած է իրանեան կողմի յստակ գնահատականները եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմ սերտ գործակցութիւնը:

Իրանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդմամբ, Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին իրանցի արտաքին գործերու նախարարը խօսած է Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու եւ տարածաշրջանի երեք տէրութիւններու «3+3» հարթակի հնարաւորութիւնը օգտագործելու անհրաժեշտութենէն, դարձեալ դէմ արտայայտուած է տարածաշրջանին մէջ արտաքին ուժերու ներկայութեան:

Ապտոլլահիանը Հոկտեմբեր 20-ին ժամանած էր Երեւան: Ան Սիւնիքի մարզային կեդրոն Կապանի մէջ մասնակցած էր Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութեան: Ան յայտնած է, որ Իրանը «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը». «Մեր քաղաքականութիւնն է յարգել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները», ըսած է Ապտոլլահիան` ընդգծելով, որ Հայաստանը կը հանդիսանայ Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի կարեւոր մաս, եւ իրանեան կողմը կը պատրաստուի առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու այս տարանցիկ ուղին զարգացնելու համար:

Իրանի արտաքին գործերու նախարարը հանդիպած է նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ եւ ընդգծած, որ Իրանը դէմ է բարեկամ Հայաստանի հետ սահմանի կամ տարանցիկ ուղիի հանդէպ խոչընդոտներուն եւ կողմնակից է տարածաշրջանի զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment