Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այդ Խօսքերը Որեւէ Կերպ Չեն Փոխեր Ֆրանսայի Զօրաշարժը. Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Ալիեւի Յայտարարութեան

Այդ Խօսքերը Որեւէ Կերպ Չեն Փոխեր Ֆրանսայի Զօրաշարժը. Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Ալիեւի Յայտարարութեան

by MassisPost

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան այն մասին, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր յայտարարութիւններով խաչ քաշած է Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ բարեկամական ու հաւասարակշռուած յարաբերութիւններուն:

«Այդ խօսքերը որեւէ կերպ չեն փոխեր Ֆրանսայի ամբողջ զօրաշարժը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ֆրանսայի նախագահին յանձնառութեան շնորհիւ էր, որ Հոկտեմբեր 6-ին Եւրոպական քաղաքական համայնքի առաջին գագաթաժողովի ծիրին մէջ կարելի եղաւ կայացնել Շարլ Միշէլի, վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի մասնակցութեամբ քառակողմ հանդիպումը: Այս հանդիպումը թոյլ տուաւ յառաջընթաց արձանագրել այդ նպատակին հասնելու ուղղութեամբ,  ինչ որ արտացոլուած է այդ առիթով ընդունուած հռչակագրին մէջ: Ֆրանսան նաեւ լիովին կ’աջակցի ԵՄ-ի հետ համատեղ մեկնարկած գործընթացին, որպէսզի թոյլ տայ բանակցութիւններ վարել երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ», կը նշէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Աւելի վաղ, «France 2» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան սանձազերծած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը, իսկ 2022 թուականի Սեպտեմբերին յարձակած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ: Նոյն հարցազրոյցին Մաքրոն պնդած էր, որ Ռուսիան կը թէժացնէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը Ատրպէյճանի օգտին: «Ինչ կը կատարուի սահմանին վերջին երկու տարիներուն… 5 հազար ռուս զինուոր ըստ հաղորդումներուն այնտեղ տեղակայուած է` սահմանին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար, բայց ռուսերը կ’օգտագործեն հարիւրամեակներու պատմութիւն ունեցող հակամարտութիւնը եւ կը խաղան Ատրպէյճանի խաղը` Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, որպէսզի թուլացնեն Հայաստանը, որուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունին: Կը տեսնէք, թէ ինչ կը կատարուի, սա ապակայունացնելու փորձն է Ռուսիոյ, որ կ’ուզէ խառնել իրավիճակը Կովկասի մէջ` բոլորիս ապակայունացնելու համար», յայտնած է Ֆրանսայի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment