Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Այցով Հայաստան Ժամանած Է Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարը

Պաշտօնական Այցով Հայաստան Ժամանած Է Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած է Իրանի արտաքին գործերոիւ նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը: Ան հանդիպած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազգային Ժողովի նախագահին հետ:

Ապտըլ Լահեանի այցին մասին ոչ հայկական, ոչ իրանեան կողմը նախօրօք յայտնած էր, «Ազատութեան» աղբիւրներու հաղորդմամբ, սակայն, այցը ծրագրուած էր, Իրանի արտաքին գործերու նախարարը Հայաստան գալու հրաւէր վաղուց ունէր:

Միրզոյեան ու իր իրանցի գործընկերը ներկայ պիտի ըլլան Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման: Իրանի կառավարութիւնը դեռ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին որոշած էր Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment