Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Standard and Poor’s» Վարկանշային Գործակալութիւնը Վերահաստատած Է Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշերը` «Կայուն» Հեռանկարով

«Standard and Poor’s» Վարկանշային Գործակալութիւնը Վերահաստատած Է Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշերը` «Կայուն» Հեռանկարով

by MassisPost

«Standard and Poor’s» վարկանշային գործակալութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան` արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ/կարճաժամկէտ ինքնիշխան վարկաւորման «B+»/«B» վարկանիշները` «կայուն» հեռանկարով:

ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի ինքնիշխան վարկանիշի բարելաւման պիտի նպաստեն Հայաստանի կայուն տնտեսական աճը, աշխարհաքաղաքական վտանգներու նուազումը, Հայաստանի արտաքին դիրքի ամրապնդումը, արտաքին պարտքի կուտակման աւելի դանդաղ կշռոյթը:

Գործակալութեան կողմէ Հայաստանին շնորհուած վարկանիշի վերահաստատումը դրական ազդակ է` յատկապէս հաշուի առնելով համաշխարհային եւ տարածաշրջանային  զարգացումները եւ անոնցմով պայմանաւորուած մաքրոտնտեսական անորոշութիւնները, եւ կը փաստէ տնտեսութեան զարգացման կշռոյթներու դրական աշխուժութիւնը, կառավարութեան վարած ընկերատնտեսական բարեփոխումներու եւ յատկապէս` մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան յուսալիութիւնը:

Վարկանիշի վերահաստատման հիմքին 2022 թուականի առաջին կիսամեակի արդիւնքներով արձանագրուած բարձր տնտեսական աճն է` պայմանաւորուած մարդոց եւ դրամագլուխի ներհոսքով, անոր հետեւանքով ներքին պահանջարկի աճով, հարկային եկամուտներու հաւաքագրման բարձր կշռոյթով, նշուած գործօններու, ինչպէս նաեւ դրամի արժեւորման պայմաններուն մէջ կառավարութեան պարտք/ՀՆԱ յարաբերակցութեան նուազմամբ:

«Կայուն» հեռանկարը պայմանաւորուած է  յառաջիկայ տարուան եւ միջնաժամկէտի մէջ կայուն տնտեսական աճի պահպանման` գործակալութեան սպասումներով: Որպէս հնարաւոր վտանգներ առանձնացուած են Ռուսիոյ` որպէս ՀՀ հիմնական առեւտրային գործընկերոջ եւ դրամական փոխանցումներու հիմնական աղբիւր, տնտեսական անկման հնարաւոր հետեւանքները եւ Ատրպէյճանի հետ ռազմական լարուածութեան պայմաններուն մէջ առկայ գործօնները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment