2022 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէի հարկային եկամուտները կազմած են 1 թրիլիոն 412 միլիառ դրամ. հարկային եկամուտները գերակատարուած են աւելի քան 77 միլիառ դրամով: Արձանագրուած է հարկային եկամուտներու հաւաքագրման պատմական մրցանիշ: Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բատասեանը Հանրային հեռուստաընկերութեան «Հարցազրոյց» հաղորդման եթերով ներկայացուցած է ընթացիկ տարուայ ինը ամիսներու հարկային եկամուտներու ցուցանիշները:
Նոյն ժամանակահատուածին հարկ վճարողներուն վերադարձուած է մրցանշային չափով գումար` 172 միլիառ դրամ, իսկ 2022 թուականի 9 ամիսներու տուեալներով` եկամուտ (հարկման) ապահոված աշխատատեղիներու թուաքանակը կազմած է շուրջ 663 հազար` գերազանցելով նախորդ տարուան ցուցանիշը` 36.8 հազարով կամ 6 տոկոսով, իսկ 2020 թուականի ցուցանիշը` շուրջ 60 հազարով: