Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դեսպանները Համաձայնած Են Հայաստան Ուղարկել Քաղաքացիական Առաքելութիւն

ԵՄ Դեսպանները Համաձայնած Են Հայաստան Ուղարկել Քաղաքացիական Առաքելութիւն

by MassisPost

Եւրոմիութեան դեսպանները համաձայնած են Հայաստան ուղարկել քաղաքացիական առաքելութիւն, որ պէտք է տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին երկայնքով` վստահութիւն ամրապնդելու եւ սահմանազատման նպաստելու համար:  Այս մասին կը յայտնէ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը` յղում ընելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն:

Կը նշուի, որ որոշումը կայացուած է Քաղաքական եւ Անվտանգութեան Յանձնաժողովի փակ նիստին:

Այժմ արդէն կը քննարկուին անոր իրականացման մանրամասնութիւնները` քանի հոգի պիտի ըլլան, որ երկիրներէն, եւ երբ պիտի ժամանեն Հայաստան: Սակայն յստակ է, որ առաքելութիւնը պիտի գայ, «Ազատութեան» ըսած է Պրիւքսէլի դիւանագիտական աղբիւրը:

Հայաստան քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր անցեալ շաբաթ Փրակի մէջ` Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ու Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարներուն` ժամեր շարունակուած բանակցութիւններու ղնորհիւ: Պաքուն, որ մինչ այդ մերժած էր Հայաստանի հետ սահմանին զինուած ուժեր տեղակայելու Եւրոմիութեան առաջարկը, անզէն առաքելութեան պարագային չէր ընդդիմացած, միաժամանակ ընդգծած էր, որ պիտի համագործակցի «այնքանով, որքանով որ առնչութիւն կ’ունենայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment