Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ ՔՊ-ի` Արցախ-Ատրպէյճան Երկխօսութեան Մեխանիզմներ Ստեղծելու Քննարկումներ Կան Միջազգային Գործընկերներու Հետ

Ըստ ՔՊ-ի` Արցախ-Ատրպէյճան Երկխօսութեան Մեխանիզմներ Ստեղծելու Քննարկումներ Կան Միջազգային Գործընկերներու Հետ

by MassisPost

Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան համար արդիւնաւէտ մեխանիզմներ ստեղծելու շուրջ քննարկումներ կ’ընթանան միջազգային գործընկերներու հետ, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան` տեղեկացուց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը` ընդգծելով, որ հայկական կողմը ճկուն քաղաքականութիւն կը վարէ, եւ չի բացառուիր, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ակնկալուող բանակցութիւնները տեղի ունենան նոր ձեւաչափով կամ արդէն իսկ գործող ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի շրջանակներուն մէջ:

Ատրպէյճանը, մինչդեռ, արդէն իսկ յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր Արցախի հարցով քննարկում ծաւալել որեւէ երկրի, այդ շարքին` Հայաստանի հետ, պնդելով որ Արցախի մէջ ապրող «հայերը իրենց քաղաքացիներն են, եւ իրենք կ’որոշեն ինչպէս խօսիլ անոնց հետ»:

«Այս պահին կարող եմ ասել, որ որեւէ մէկին դեռ վերջնական այսպէս յայտնի չեն այդ մեխանիզմները, որովհետեւ տակաւին քննարկման առարկայ են, այս մասին տակաւին քննարկումներ են գնում մեր միջազգային գործընկերների հետ, բայց, բնականաբար, խօսակցութիւնը գնում է հնարաւորինս արդիւնաւէտ մեխանիզմների համար, որպէսզի այդ երկխօսութիւնը հնարաւորինս ստացուի, եւ մենք կարողանանք այս առումով քայլ առաջ անել եւ կարողանալ ապահովել արցախահայութեան իրաւունքները իրենց հողում: Սա է, սրանից աւելի բան այս պահին դեռ չեմ կարող ասել, որեւէ մէկը չի կարող ասել»,  նշեց պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment