Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոմաս Տը Վաալ. «Ամերիկացիները Կը Հասկցնեն` Իրենց Մեծապէս Պիտի Զայրացնէ, Եթէ Ատրպէյճանի Կողմէ Ռազմական Գործողութիւն Ըլլայ»

Թոմաս Տը Վաալ. «Ամերիկացիները Կը Հասկցնեն` Իրենց Մեծապէս Պիտի Զայրացնէ, Եթէ Ատրպէյճանի Կողմէ Ռազմական Գործողութիւն Ըլլայ»

by MassisPost

«Քարնեկի» հիմնադրամի առաջատար վերլուծաբան, Ղարաբաղեան հակամարտութեան գիտակ Թոմաս տը Վաալ կ’ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգները դրական դեր կը խաղայ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի նոր յարձակումները զսպելու գործին մէջ:

«Դրական է, որ մենք տեսած ենք Ուաշինկթընի, կարելի է ըսել, արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյք Սալիվանի անձնական ներգրաւուածութիւնը: Քանի մը ամիս առաջ տեսանք նաեւ Ուիլիըմ Պըրնզի բաւական խորհրդաւոր այցելութիւնը. գուցէ այդ ուղղակի կապուած չէր հակամարտութեան հետ, բայց ան անշուշտ մէկն է, որ բաւական լաւ կը հասկնայ այդ հարցը: Նշեմ նաեւ, որ ան իմ նախկին ղեկավարս է, «Քարնեկի» հիմնադրամի նախկին նախագահն է», ըսաւ Տը Վաալ «Ազատութեան» «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման եթերով:

«Այնպէս որ, ամերիկացիները գիտեն այս հարցը, կեդրոնացած են անոր վրայ», նշեց վերլուծաբանը` շարունակելով. «Անոնց լծակները այնքան ալ հզօր չեն, բայց կը կարծեմ, անշուշտ, ամերիկացիները կը հասկցնեն, որ իրենց մեծապէս պիտի զայրացնէ, եթէ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւն ըլլայ»:

Տը Վաալը վստահ չէ, թէ այդ լուրջ ռազմական գործողութիւն պիտի ըլլայ` «Ալիեւը իր ռազմական գործողութիւնները սահմանափակեց փոքր ծաւալով». «Մենք այդ տեսանք գարնան` Ղարաբաղի մէջ, տեսանք Օգոստոսին` Լաչինի շրջանին մէջ, եւ տեսանք 2020 թուականէն յետոյ ամենալուրջ այս մարտական գործողութիւնները Սեպտեմբերին: Այսպիսով` մարտական գործողութիւնները միշտ տեւած են երկու-երեք օր, իսկ յետոյ` դադար: Կը կարծեմ, թէ այդ ինքնին վատ է, քանի որ կը թուլացնէ խաղաղ գործընթացը, կը խաթարէ կարգաւորման հնարաւորութիւնները, եւ ի հարկէ` հիմնականին մէջ այն պատճառով, որ մարդիկ կը զոհուին: Բայց ես չեմ կարծեր, որ մենք նոր լայնածաւալ պատերազմի շեմին ենք, եւ այստեղ, կը կարծեմ, միջազգային հակազդեցութիւնը ուժեղ պիտի ըլլար»:

Ան ընդգծեց, որ «նաեւ ռուսերը կան գետնի վրայ` անոնք ե՛ւ Հայաստանի մէջ են, ե՛ւ Ղարաբաղի մէջ. «Այնպէս որ, եթէ իրավիճակը աւելի լրջանայ, ապա Ռուսիան դժկամութեամբ, բայց պիտի ներքաշուի հակամարտութեան մէջ որպէս Հայաստանի ռազմական դաշնակից»:

«Խօսքը աւելի շատ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի ու դիւանագիտութեան այս համադրութեան մասին է, որ ան կ’օգտագործէ, որպէսզի փորձէ հասնիլ նախագահ Ալիեւի պատկերացուցած արդիւնքներուն», ըսաւ Տը Վաալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment