Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Անվտանգութեան Մասով Երկարաժամկէտ Լուծումներու Ժամանակ Չունի. Ալէն Սիմոնեանը` Վեաչեսլաւ Վոլոտինին

Հայաստանը Անվտանգութեան Մասով Երկարաժամկէտ Լուծումներու Ժամանակ Չունի. Ալէն Սիմոնեանը` Վեաչեսլաւ Վոլոտինին

by MassisPost

Եռօրեայ պաշտօնական այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 10-ին հիւրընկալուած է Ռուսիոյ Դաշնային Ժողովի Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինին: Սիմոնեան-Վոլոտին մօտ մէկ ժամ տեւած առանձնազրոյցին յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Ալէն Սիմոնեան, ողջունելով ռուս գործընկերները, շնորհակալութիւն յայտնած է Վեաչեսլաւ Վոլոտինին հրաւէրի համար` նշելով, որ հայ-ռուսական դաշնակցային փոխգործակցութիւնը հիմնուած է մեր երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան վրայ:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք արձանագրուած է, որ երկկողմ կապերու շարունակական զարգացման երաշխիքը քաղաքական աշխոյժ երկխօսութիւնն է բոլոր մակարդակներով, մասնաւորապէս, մեր երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ, որոնք կը նախանշեն համագործակցութեան աշխուժութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ընդգծուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ խորհրդարանական փոխգործակցութեան առանցքային դերը` կարեւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի եւ Ռուսիոյ Դաշնային Ժողովի համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի գործունէութիւնը: Կողմերը այս ծիրին մէջ շօշափած են յառաջիկայ նախագիծերուն առնչուող թեմաներ` փաստելով, որ աշխատանքները պէտք է շարունակել համակարգային հիմքի վրայ` ունենալով զարգացման յստակ` ռազմավարական գործընկերութեան պահպանման սկզբունքներով նախանշուած շառաւիղ:

Ռուս գործընկերներուն հետ հանդիպման առանցքային հարցերէն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի զինուած յարձակումը:

«Մեր այցը Մոսկուայ տեղի է ունենում Հայաստանի համար բարդ շրջանում: Ինչպէս արդէն յայտնի է, Սեպտեմբեր 13-ից Ատրպէյճանը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակման նոր փուլ է սկսել: Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի տարածքի խորքում, մի քանի ուղղութիւններով բուռն գնդակոծել են ոչ միայն ՀՀ Զինուած Ուժերի դիրքերը, այլեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքների կէտերը: Ցաւալի փաստ է. 207 զոհ ու վիրաւորներ ունենք», նշած է Ալէն Սիմոնեան` Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնիշխան տարածքի դէմ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը անուանելով ԱՊՀ տարածքին Ատրպէյճանի կողմէ զաւթողական նպատակներ ունեցող վտանգաւոր միտում: Այս ծիրին մէջ անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան` Ալէն Սիմոնեան նշած է, որ այն չէ կրցած իր անդամներէն մէկուն դէմ յարձակման արձագանգել գործնական եւ արդիւնաւէտ: «Հայաստանն անվտանգութեան մասով երկարաժամկէտ լուծումների ժամանակ չունի», ընդգծած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը:

Ալէն Սիմոնեան միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնած է, որ ՀԱՊԿ աշխատանքներու ընթացքին մշակուած առաջարկութիւնները իրենց լուման կը ներդնեն իրավիճակի ապամագլցողութեան եւ մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման գործին մէջ: Անդրադարձ եղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ հայկական սփիւռքին եւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած Ռուսիոյ բազմահազար քաղաքացիներուն առնչուող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment