Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Անդրադարձած Է ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Հանդիպման

Էրտողան Անդրադարձած Է ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Հանդիպման

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան, Հոկտեմբեր 6-ին, Փրակի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթաժողովի աւարտին մամուլի ասուլիս տուած է: Այս առնչութեամբ ան նշած է․ «ՀՀ վարչապետ պարոն Փաշինեանի հետ հանդիպեցանք, անկեղծօրէն կը հաւատամ, որ մեր տարածաշրջանին մէջ բարիդրացիութեան հիման վրայ հնարաւոր է հասնիլ ամբողջական կարգաւորման մեր նպատակին»:

Պետական «TRThaber»-ի լրագրողի հարցին, թէ «այսօր ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի հետ քանի մը անգամ հանդիպել էք: Ան ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ խնդիրը լուծելու հարցով ի՞նչ ուղերձներ տուաւ», ի պատասխան Էրտողան նշած է․ «Ինչպէս գիտէք, մեր յատուկ ներկայացուցիչներուն միջոցով բանակցութիւնները փոխադարձաբար կը շարունակուին: Մենք ալ այսօր անոր հետ հանդիպումը անկեղծ մթնոլորտին մէջ կայացուցինք: Հանդիպման ընթացքին խօսուած է որոշ պահանջներու մասին: Այս պահանջներուն առնչութեամբ թէ՛ յատուկ ներկայացուցիչներուն, թէ՛ արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարականներ տուած են: Մեր արտաքին գործերու նախարարները իրար հետ պիտի հանդիպին, յատուկ ներկայացուցիչները` նոյնպէս: Այնուհետեւ, ըստ ստացուած արդիւնքին ալ մեր քայլը պիտի ընենք»:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան լրագրողը խնդրած է պարզաբանել «որոշ պահանջները» եւ հարցուցած, թէ ե՞րբ հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի եւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին` հաշուի առնելով, որ ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, Ղարաբաղի հարցը լուծուած է: Հարցին ի պատասխան Էրտողան նշած է. «Գիտէք, թեմայի հարցով յատուկ ներկայացուցիչները կան: Անոնք կը շարունակեն աշխատանքները: Միեւնոյն ժամանակ, յատուկ ներկայացուցիչներէն բացի նաեւ արտաքին գործերու  նախարարները կ’աշխատին: Անոնք ալ իրենց աշխատանքները պիտի շարունակեն եւ ամփոփ տեսքի բերելէ յետոյ մեզի պիտի ներկայացնեն:  Այս աշխատանքներուն մէջ` յատկապէս սկսեալ բեռնափոխադրումներէն մինչեւ օդային ճանապարհով բեռնափոխադրումներ, բոլոր այս հարցերուն ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Կը փափաքինք վայրկեան առաջ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները ջերմացնենք եւ այս հարցը լուծենք»:

Հայ-եւրոպական ամսագրի լրագրողի հարցին, թէ ի՞նչ նախապայմաններ ունի Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, Էրտողան նշած է․ «Նախապայմաններ չկան, միայն կը փափաքինք, որ ձեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները հասունացնէք, անյապաղ խաղաղութեան վերաբերեալ պայմանագիրը կնքէք: Երբ այդ ընէք, մեզի հետ որեւէ խնդիր չի մնար․ սահմանները պէտք են բանալ` կը բանանք եւ բոլոր տեսակի օդային, ցամաքային, երկաթուղային ճանապարհի առաջ կը բանանք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment