Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չի Պատրաստուիր Քննարկելու Որեւէ Անձնատուութիւն․ Ռուբինեան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չի Պատրաստուիր Քննարկելու Որեւէ Անձնատուութիւն․ Ռուբինեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի պատրաստուիր քննարկելու որեւէ անձնատուութիւն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը` շեշտելով, որ համաձայն չէ այդ բառի գործածման հետ, որ այսօր շատ կը հնչէ, այդ շարքին` նախկին նախագահներու միջեւ բանավէճի ծիրին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը անսակարկելի են, շեշտեց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորը:

«Ազատութեան» այն հալցին թէ ճի՞շդ է Տէր Պետրոսեանը, որ հիմա խնդիրը նուազագոյն ցաւոտ լուծում գտնելն է, այլ տարբերակ չկայ եւ ուշացնելը աւելի վատ պիտի ըլլայ:

Ռուբինեան պատասխանած է. «Մեզ պէտք է լուծում, եւ պէտք է այնպիսի լուծում, որը կ’ապահովի յարատեւ խաղաղութիւն եւ կ’ապահովի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, կառավարութիւնը գնում է այդ ուղղութեամբ եւ պատրաստ է անել ամէն ինչ, այդպիսի լուծման հասնելու համար: Բայց ես, օրինակ, տեսնում եմ, այդ թւում` նախկին նախագահների միջեւ բանավէճի ծիրին մէջ շատ է հնչում անձնատուութիւն բառը: Ես կտրականապէս համաձայն չեմ այդ բառի գործածմանը ոչ միայն Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան ծիրին մէջ, այլ ընդհանրապէս ցանկացած լուծման ծիրին մէջ: Նոյեմբերի 9-ի փաստաթուղթն, այո՛, ծանր պայմաններով զինադադար էր, բայց անձնատուութիւն չէր, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի պատրաստւում քննարկել որեւէ անձնատուութիւն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ե՛ւ ինքնիշխանութիւնը, ե՛ւ տարածքային ամբողջականութիւնն ամէն գնով պահելու է, խօսքը լուծումների մասին է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment