Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Ալիեւ Պայմանաւորուած Են Արտաքին Գործերու Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել Բանակցութիւնները Խաղաղութեան Պայմանագրի Նախագիծի Մշակման Շուրջ

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Պայմանաւորուած Են Արտաքին Գործերու Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել Բանակցութիւնները Խաղաղութեան Պայմանագրի Նախագիծի Մշակման Շուրջ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսէլի մէջ փակ դռներու ետին հանդիպումը տեւած է մօտ չորս ժամ:

Հայաստանի վարչապետի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են գերիներու ազատ արձակման եւ անհետ կորսուածներու ճակատագրի պարզաբանման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր:

Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով շարունակել «առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի մշակման շուրջ», եւ որ նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը պիտի հանդիպին մէկ ամսուայ ընթացքին:

Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի յաջորդ նիստին, վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակը կը յայտնէ, որ այն տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ:

Նոյն ամսուան մէջ, աղբիւրին համաձայն, պիտի հանդիպին նաեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment