Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Կը Քննէ Արցախի Նախկին Պաշտպանութեան Նախարար Միքայէլ Արզումանեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

Դատարանը Կը Քննէ Արցախի Նախկին Պաշտպանութեան Նախարար Միքայէլ Արզումանեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Միքայէլ Արզումանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան: Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Երեմ Սարգսեանը:

Փաստաբանը յայտնեց, որ Արզումանեանը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չ’ընդունիր: Նշենք, որ Միքայէլ Արզումանեանը կը մեղադրուի Շուշիի անկման համար: Քննչական Կոմիտէէն կը յայտնեն, որ քննչական ծաւալուն գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած է, որ զօրավար-լեյթենանթը 2020 թուականի Հոկտեմբեր 30-էն մինչեւ Նոյեմբեր 9 Շուշիի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ` չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, ինչ որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ: Ըստ այդմ, Արզումանեանը չէ ապահոված ու չէ վերահսկած զօրքերու մարտական հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործումն ու  առաջադրուած խնդիրներո յաջող կատարումը, չէ ցուցաբերած անհրաժեշտ օգնութիւն, չէ դրսեւորած հաստատակամութիւն ու վճռականութիւն, գործնական ու ճկուն չէ արձագանգած ստեղծուած իրադրութեան փոփոխութիւններուն, չէ ապահոված զօրքերու կիրառման անընդհատութիւնը, ներդաշնակ եւ լիարժէք հրամանատարութիւնը եւ այլն: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ բազմաթիւ մանրամասնութիւներ կը բերուին, թէ որ հատուածներու մէջ ան չէ ապահոված անհրաժեշտ պաշտպանութիւնը, չէ կիրառած մարտունակ ջոկատներ, որ իրադրութիւնը ներկայացուցած է վերահսկելի, մինչդեռ Նոյեմբեր 5-ին հակառակորդին ջոկատները արդէն ներթափանցած էին Շուշի, որ այնպիսի վայրերու մէջ տեղակայած է իւրային ուժերը, որ անոնք յայտնուած են շրջապատման մէջ, որ չեն կիրառուած կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment