Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Սահմանի Վերացումը Նոր Ծրագիր Չէ, Սակայն Անոր Իրագործման Հաւանականութիւնը Շատ Փոքր Է. Իրանցի Փորձագէտը` Մեղրիի Մասին

Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Սահմանի Վերացումը Նոր Ծրագիր Չէ, Սակայն Անոր Իրագործման Հաւանականութիւնը Շատ Փոքր Է. Իրանցի Փորձագէտը` Մեղրիի Մասին

by MassisPost

Իրանցի քաղաքական փորձագէտ Հասան Պեհեշթիփուրը հարցազրոյց տուած է Azarpazhoh կայքին` Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու հնարաւոր փոփոխութիւններուն թեմայով: Վկայակոչելով Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէիի յայտարարութիւնը հայ-իրանեան սահմանի անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ` փորձագէտը ըսած է.  «Հարաւային Կովկասը ռազմավարական նշանակութիւն ունի Իրանի համար եւ կը հանդիսանայ իրանեան քաղաքակրթական տարածութեան մասը, ուստի այս հարցով որեւէ փոփոխութիւն ուղիղ կերպով կ’ազդէ մեր հիւսիսային սահմաններու անվտանգութեան վրայ: Հետեւաբար, անվտանգութեան ու պատմութեան տեսանկիւնէն, Թեհրանը չի կրնար անտարբեր ըլլալ այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ»:

Փորձագէտը յաւելած է, որ Հարաւային Կովկասի սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի խախտէ տարածաշրջանի ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը, ինչ որ անմիջական ազդեցութիւն պիտի ունենայ միւս հատուածներու կայունութեան եւ անվտանգութեան վրայ:

Պեհեշթիփուր ընդգծած է, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է սահման Իրանի հետ` դէպի Պարսից ծոց եւ Օման ծոց ելք ունենալու համար: Փորձագէտը յաւելած է, որ վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին այս երթուղին եղած է Հայաստանի համար միակ անվտանգ միջոցը իր կենսական կարեւոր կարիքները բաւարարելու համար:

«Մեղրիով անցնող սահմանը կապ կ’ապահովէ Իրանի եւ այնտեղէն մինչեւ Սեւ ծովի եւ Արեւելեան Եւրոպայի միջեւ: Մեր երկրին համար Մեղրիի հետ սահմանը կը համարուի Եւրոպա ելքի երեք հիմնական ցամաքային ուղիներէն մէկը: Ահա թէ ինչու մենք կրնանք ըսել, որ Մեղրիի սահմանը կարեւոր զարկերակ է մեր երկրին եւ Հայաստանի համար, եւ նման սահմանը կարելի չէ անտեսել», ընդգծած է Պեհեշթիփուրը:

Պեհեշթիփուրի խօսքով` Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի վերացումը նոր ծրագիր չէ, սակայն անոր իրագործման հաւանականութիւնը շատ փոքր է:

«Ելլելով Մեղրիի ռազմավարական նշանակութենէն` այս սահմանը շատ էական եւ վճռորոշ է Թեհրանի ռազմավարական շահերուն համար: Անհրաժեշտ է մշակել համապատասխան մօտեցումներ հարեւաններուն տուած խոստումներուն եւ թոյլ չտալ այս չարաբաստիկ նախագիծի իրագործումը», եզրափակած է փորձագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment