Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Օգոստոս 30-են Սկսեալ Արցախի Կապը Հայաստանի ՀետՊիտի Իրականացուի Նոր Երթուղիով

Օգոստոս 30-են Սկսեալ Արցախի Կապը Հայաստանի ՀետՊիտի Իրականացուի Նոր Երթուղիով

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կայացած է Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստը:

Օրակարգին մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապող նոր երթուղիի շահագործման վերաբերող հարցերն էին:

Զեկոյցներով հանդէս եկած են Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը, ներքին գործերու նախարար Կարէն Սարգսեանը եւ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը:

Նշուած է, որ, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարներուն ստորագրած յայտարարութեան 6-րդ կէտին համաձայն, նոր երթուղին պիտի պահպանէ միջանցքային տրամաբանութիւնը: Երթուղին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին ժամանակաւորապէս կապող մօտ 4,7 քմ ճանապարհի ասֆալթապատման աշխատանքներըաւարտած են:

Նիստին մասնակիցները իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծած են նոր ճանապարհի անվտանգային հարցերուն ու քաղաքաշինական կանոններուն հետ կապուած անհրաժեշտ երաշխիքներու ապահովումը եւ այդ ուղղութեամբ պետական համապատասխան կառոյցներու եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան փոխգործակցուած աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Շահագրգիռ քննարկման որպէս հետեւանք, Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշում կայացուցած է Օգոստոս 30-ի ժամը 20:00-էն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ հաղորդակցութիւնը իրականացնել նոր երթուղիով` Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի տարածքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment