Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցները շնորհաւորած են իրար Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի 25-ամեայ յոբելեանին առիթով: Կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ այսուհետեւ եւս հայ-ռուսական դաշնակցային փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ պիտի շարունակին արդիւնաւէտ կերպով զարգանալ ու ամրապնդուիլ:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վլատիմիր Փութինը միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին: Մասնաւորապէս, ընդգծուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուա 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment