Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանատունը Արձագանգած Է Հաճիեւի Յայտարարութեան

Ատրպէյճանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանատունը Արձագանգած Է Հաճիեւի Յայտարարութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը պատասխանած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ եւ Ֆրանսայի դեսպանները անտեսած են Ատրպէյճանի կառավարութեան` Շուշի այցելելու հրաւէրը:

«Միացեալ Նահանգները կը կարծէ, որ մշտական երկխօսութեան, մշտական շփման միջոցով, այդ շարքին` բարձր մակարդակով, մենք կրնանք ընել հնարաւոր ամէն ինչ` երկարաժամկէտ եւ համապարփակ խաղաղութեան նպաստելու համար:

ԱՄՆ-ն պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացին: Ինչպէս արդէն ըսած ենք, չկայ Ատրպէյճանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան աւելի մեծ ջատագով, քան ԱՄՆ-ն է:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցները շատ անգամ այցելած են եւ կը շարունակեն այցելել Ատրպէյճանի բոլոր շրջանները, այդ շարքին` Աղտամ, Զանգելան եւ Ֆիզուլի: Դեսպանատան աշխատակիցները կ’այցելեն երկրի բոլոր շրջաններ` Ատրպէյճանի հետ այնպիսի կարեւոր հարցերու շուրջ շփումներ հաստատելու համար, ինչպիսիք են անվտանգութիւնը, առողջապահութիւնը, ուժանիւթային եւ տնտեսական զարգացումը», «Ամերիկայի Ձայն»ի ատրպէյճանական ծառայութեան հարցման ի պատասխան ըսած են ԱՄՆ դեսպանատունէն:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 27-ին Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը Շուշիի մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովի բացման ընթացքին իր ելոյթին մէջ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանները «բացայայտ անտեսած են Ատրպէյճանի կառավարութեան` Շուշի այցելելու հրաւէրը»: Հաճիեւը Շուշի այցելութեան հրաւէրի մերժումը գնահատած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան չճանաչում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment