Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Հայաստանին Պիտի Յատկացնէ Առնուազն 60 Միլիոն Տոլար

ԱՄՆ-ն Հայաստանին Պիտի Յատկացնէ Առնուազն 60 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

ԱՄՆ կը պատրաստուի Հայաստանին յատկացնելու առնուազն 60 միլիոն տոլար: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի յատկացումներու հարցերով կոմիտէի 2023 թուականի զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի համար նախատեսուած 60 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի երկրի տնտեսական զարգացմա, մասնաւոր հատուածի արտադրողականութեան բարձրացման, ուժանիւթային անկախութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման:

«Կոմիտէն մտահոգուած է նաեւ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին հետեւանքներով եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծմամբ, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան ոլորտին, բնակչութեան բնակարան ապահովելուն, սննդամթերքին, ջուրին եւ այլն: Կը նախատեսուի նաեւ երկու միլիոն տոլար յատկացնել Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment