Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան Շնորհաւորած Է Ֆիլիփ Ռիքըրը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահ Նշանակուելուն Առթիւ

Ֆրանսան Շնորհաւորած Է Ֆիլիփ Ռիքըրը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահ Նշանակուելուն Առթիւ

by MassisPost

ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը շնորհաւորած է Ֆիլիփ Ռիքըրը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ նշանակուելուն առիթով:

«Կը շնորհաւորենք Ֆիլիփ Ռիքըրը Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ նշանակուելու առիթով», ըսուած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան Թուիթըրով կատարուած հրապարակման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է որպէս Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր խորհրդական: Այս պաշտօնին մէջ Ռիքըր պիտի կատարէ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ համանախագահի գործառոյթները եւ հանդէս պիտի գայ որպէս Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ պատուիրակութեան գլխաւոր բանակցող:

Մինչ այս նշանակումը դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը աշխատած է որպէս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ԱՄՆ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար: 2019 թուականի Մարտէն մինչեւ 2021 թուականի Օգոստոս եղած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար: Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին աշխատած է Գերմանիոյ, Իտալիոյ մէջ, 2008-2011 թուականներուն եղած է Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment