Բերձորի միջանցքի նոր երթուղին պիտի գործարկուի ընթացիկ տարուայ Սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը:
«Մինչ այդ կը գործի Ստեփանակերտ-Բերձոր-Գորիս մայրուղին: Այլընտրանքային երթուղին կը գործի դէպի հարաւ տեղափոխուող նոր միջանցքում: Նոր ճանապարհով երթեւեկութիւնը կը սկսուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի բոլոր պլոք-փոսթերի տեղակայումից յետոյ: Այդ ընթացքում պատրաստ կը լինի ժամանակաւոր` 4,5 քիլոմեթրանոց հատուածը, որի մի մասն արդէն ասֆալթապատուել է եւ մօտ օրերս ամբողջութեամբ կ’աւարտուի: Ենթադրւում է, որ Սեպտեմբերի առաջին շաբաթուայ ընթացքում երթեւեկութիւնն արդէն կը կազմակերպուի նոր ճանապարհով», մանրամասնեց նախարարը:
Անոր խօսքով` նոր երթուղիի ժամանակաւոր հատուածը կը շրջանցէ Բերձորը, Աղաւնօն եւ Ներքին Սուսը, ապա կը միանայ Աղաւնօ-Տեղ ճանապարհին` Աղաւնոյէն մօտ 3 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Գերատեսչութեան ղեկավարը յաւելեց, որ աշխուժօրէն կը շարունակուի նաեւ ենթակառուցուածքներու տեղափոխման գործընթացը: «Կապի հարցն արդէն լուծուած է: Ելեկտրականութեան գծերի տեղափոխման համար դեռ ժամանակ կը պահանջուի, իսկ կազամատակարարման առումով, ինչպէս արդէն նշել եմ, այլ լուծումներ պէտք է փնտռուեն», ըսաւ Հայկ Խանումեանը:
Օգոստոս 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երկկողմանի բաց է Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհահատուածը, որուն անվտանգութիւնը կ’ապահովեն ռուս խաղաղապահները: