Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրացումը պայմանաւորուած է հակամարտութեան շրջանակներուն մէջ շարք մը հիմնարար կէտերու կարգաւորուած չըլլալով, սակայն ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան կանխել «վերադարձը հայ-ատրպէյճանական պատերազմին»է, նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Խորհուրդի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Կոմիտէի ղեկավար Վիքթոր Պոնտարեւը:
«Կարեւորը սրացող հակամարտութիւնը ժամանակին արգելափակելն է», գրած է ան իր թելեկրամեան ալիքով:
«Իրականութեան մէջ այս հակամարտութիւնը մարած է, բայց չէ լուծուած: Աւելին, այն մարած է ռուս խաղաղապահներու ուժերով, այլ ոչ թէ հակառակորդ կողմերու բարի կամքով», ըսած է ան:
Պոնտարեւի խօսքով` պատճառները, որոնք յառաջացուցած են հակամարտութիւնը, վերացուած չեն: